
ՀՀ-ի Մէջ Պիտի Քննարկուի Ռազմական Դրութիւն Եւ Մասնակի Զօրահաւաք Յայտարարելու Հարցը
Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ պիտի իրականացուի Անվտանգութեան խորհուրդի նիստ, ապա կառավարութիւնը պիտի քննարկէ ռազմական դրութիւն եւ մասնակի զօրահաւաք յայտարարելու հարցը: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ վարչապխետ Նիկոլ Փաշինեան:
«Քիչ անց տեղի պիտի ունենայ Անվտանգութեան խորհուրդի նիստ, ապա կառավարութիւնը պիտի քննարկէ ռազմական դրութիւն եւ մասնակի զօրահաւաք յայտարարելու հարցը: Պատրաստ եղէք մեր սուրբ հայրենիքի պաշտպանութեան: Հպարտ, յաղթո՛ղ ժողովուրդ»,- կը նշէ վարչապետ Փաշինեան: