Կայացաւ Փաշինեան-Փութին Հեռախօսազրոյցը

Աշխարհ, Հայաստան

 Հայկական կողմի նախաձեռնութեամբ կայացաւ հեռախօսազրոյց ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ: Ըստ «Արմենփրես»-ը, այս մասին կը յայտնէ Քրեմլի պաշտօնական կայքը: 

«Քննարկուած է իրավիճակի կտրուկ սրացումը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շուրջ: Ռուսական կողմը լուրջ մտահոգութիւն յայտնած է լայնածաւալ ռազմական բախումներու վերսկսկման առնչութեամբ: Նշուած է, որ այժմ կարեւոր է ձեռնարկել բոլոր անհրաժեշտ ջանքերը` հակամարտութեան յետագայ սրացում թոյլ չտալու համար, եւ կարեւորը` անհրաժեշտ է դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները», – ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: