
Արցախը Ընդունած Է Լիբանանէն Ժամանած Առաջին Երկու Հայրենադարձ Ընտանիքները
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, Օգոստոս 25-ին, հրաւիրած է աշխատանքային խորհրդակցութիւն՝ նուիրուած լիբանանահայութեան ցուցաբերուող աջակցութեան ծրագրերուն։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը տեղեկացնեն ԱՀ Նախագահի մամուլի ծառայութենէն։
Զեկուցումով հանդէս եկած է Լիբանանի հայկական համայնքին նիւթական օգնութիւն ցուցաբերելու աշխատանքները կազմակերպող եւ համակարգող աշխատանքային խումբի ղեկավար, ԱՀ նախագահի գլխավոր խորհրդական – յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Ռուդիկ Հիւսնունցը։
Ան տեղեկացուցած է, որ Լիբանանէն Արցախ ժամանած են առաջին երկու հայրենադարձ ընտանիքները, որոնց կացութեան համար ստեղծուած են բոլոր պայմանները: Անոր խօսքերով՝ բացի պետական պիւտճէի պահուստային ֆոնտի միջոցներէն օրերս յատկացուած 25 միլիոն ՀՀ դրամ օժանդակութենէն, ԱՀ կառավարութեան մարդասիրական օգնութեան արտապիւտճէի հաշուին հաւաքագրուած է աւելի քան 17 միլիոն ՀՀ դրամ, եւ անիկա աւելցնելու համար
կ՝իրականացուին տարբեր նախաձեռնութիւններ:
Նախագահ Յարութիւնեան շեշտած է, որ, թէեւ չափազանց կարեւոր է պահպանել Լիբանանի հայկական համայնքի իբրեւ կայացած գաղթօճախի ամբողջականութիւնը, որուն իր ուժերու ներածին չափով կը նպաստէ նաեւ Արցախի կառավարութիւնը, այնուամենայնիւ, բոլոր մեր այն հայրենակիցները, որոնք ցանկութիւն կ՝ունենան տեղափոխուելու, պատրաստ են ընդունելու եւ ապահովելու կացարանով, աշխատանքով, ինչպէս նաեւ ընկերային այլ երաշխիքներով։