Հայաստան Կը Դիտարկէ Սուրիահայերուն COVID-19-ի Դէմ Պայքարին Մէջ Օգնելու Հարցը

Հայաստան

ՀՀ սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան տեղեկացուցած է, որ քննարկումներ տեղի կ՛ունենան` հասկնալու համար, թէ ինչպէս կրնան օգնել Սուրիոյ մէջ բնակող հայերուն «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու համար: Այս մասին Սինանեան յայտնեց այսօր տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ժանանակ՝ նշելով, որ Սուրիոյ հայերը ոչ միայն ֆինասական, այլեւ առողջապահական խնդիրներու առջեւ են:

«Այո՛, այդ հարցը կայ եւ այն ներկայացուեցաւ սուրիահայ մեր հայրենակիցներուն կողմէ: Կը դիտարկենք, թէ ինչպէս կրնանք օգնել: Խնդիրը դեղամիջոցներու հետ կապուած է, ամենատարրական դեղամիջոցները անհասանելի դարձած են: Այժմ կը մտածենք, թէ յաջորդ կարճ ժամկէտին մէջ ինչպէս կրնանք օգնել մեր հայրենակիցներուն»,- աւելցուց ան: