Թրքական Ապրանք Չծախող Պըրպենքի Խանութներ Յատուկ Գնահատանքի Արժանացան

Սփիւռք

Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբը վերջերս յատուկ գնահատագիրներ տուաւ քաղաքի երկու նպարավաճառներու, որոնք կը մերժեն թրքական արտադրութեամբ ապրանքներ ծախել։

Հայ Դատի «Պըրպենքը թրքական արտադրութիւննեէր զերծ քաղաք» դարձնելու արշաւին միացած խանութներն են՝ «Red Top Market & Kitchen»ը եւ «Raffi՛s Market»ը։

Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբը դարձեալ կոչ ըրաւ շրջանի հայութեան, որ թրքական արտադրութիւններ չգնէ, որպէսզի մեղասկից չդառնայ այդ երկրին կողմէ փոքրամասնութիւննեռու իրաւունքնեռու ոտնակոխումներու արշաւին։

0815ancb Top