Պեռլինի Մէջ Հայաստանին եւ Արցախի Հանրապետութեան Նուիրուած Ցուցահանդէս Բացուած Է

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Օգոստոս 9-ին, Գերմանիոյ մայրաքաղաք Պեռլինի՝ «Wolf & Galentz» պատկերասրահին մէջ, «Եւրոպացի եւ հայ մասնագէտներու ընկերակցութիւն» ոչ կառավարական կազմակերպութեան եւ պեռլինաբնակ հայ արուեստագէտ Արչի Գալենցի համատեղ կազմակերպումով ու Արցախի Հանրապետութեան ԱԳՆ աջակցութեամբ, տեղի ունեցած է Հայաստանին եւ Արցախի Հանրապետութեան նուիրուած լուսանկարներու եւ հայ արուեստագէտներու նկարներու ցուցահանդէսի բացման արարողութիւնը։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը յայտնեն Արցախի հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութենէն։

Ցուցահանդէսը, որ պիտի գործէ մինչեւ ս. թ. Օգոստոս 30, այցելուներուն կը ներկայացնէ Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեան պատմամշակութային հարուստ ժառանգութիւնը, ինչպէս նաեւ կը պատմէ 2016 Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ սանձազերծուած պատերազմի հետեւանքներուն մասին։

Բացման արարողութեան ներկայ եղած են Գերմանիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան, Պեռլինի հայ համայնքի ու հոգեւոր դասի ներկայացուցիչներ եւ արուեստագէտներ։