Հայաստանէն Եւ Արցախէն Մարդասիրական Օժանդակութիւնը Հասաւ Լիբանան

Հայաստան, Սփիւռք

Կիրակի, 9 Oգոստոս 2020-ին, Լիբանանի միջազգային օդակայան հասաւ Հայաստանի կողմէ Լիբանանի պետութեան տրամադրուող մարդասիրական օժանդակութեան առընթեր` լիբանանահայութեան համար Արցախի ու Հայաստանի պետութեանց կողմէ ղրկուած մարդասիրական օժանդակութիւն փոխադրող մասնաւոր օդանաւ մը:

Օդակայանին մէջ, օժանդակութիւնը ստանձնեցին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանին ներկայացուցիչները` դեսպանատան երկրորդ քարտուղար Դաւիթ Ալաւէրթեան եւ հիւպատոս Լէոնարտ Ապաճեան: Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի կողմէ օդակայան կը գտնուէին Յակոբ Աւ. Քհնյ. Պզտիկեան, Միքայէլ քհնյ. Տէմիրճեան, Րաֆֆի Տէմիրճեան եւ Գէորգ Գատէհճեանը:

Մերօրեայ կեանքի արտասովոր պայմաններուն մէջ, ամբողջ լիբանանահայութեան անունով բարձրօրէն կը գնահատենք Լիբանանի ժողովուրդին ու Լիբանանի հայութեան համար համահայկական արժէք ու նշանակութիւն ունեցող Հայաստանի եւ Արցախի ցուցաբերած օգնութիւնն ու զօրակցութիւնը:

Յայտնենք, որ Ազգային առաջնորդարանը յառաջիկայ օրերուն նշեալ օգնութիւնը եկեղեցիներուն ճամբով պիտի բաժնէ մեր հայրենակիցներուն:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ