Երեւանի Մէջ Մոմավառութիւն` Ի Յիշատակ Պէյրութի Պայթումի Զոհերուն

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ՝ լիբանանահայ հայրենադարձներու նախաձեռնութեամբ՝ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն` ի յիշատակ Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած պայթումի զոհերուն: Armenpress.am-ի տեղեկութիւններով՝ մասնակիցները պարզած էին Հայաստանի եւ Լիբանանի ազգային դրօշները եւ կ՝երգէին պետական հիմները:

Յիշեցնենք, որ Լիբանանի մէջ յայտարարուած է եռօրեայ սուգ, Պէյրութը յայտարարած է արտակարգ դրութիւն եւ ճանչցուած է աղէտի գօտի: