Սամուէլ Կարապետեան 10,000 Տոլար Պիտի Յատկացնէ Պէյրութի Պայթումէն Զոհուած Հայերու Ընտանիքներուն

Աշխարհ, Սփիւռք

Սամուէլ Կարապետեանի նախաձեռնութեամբ «Տաշիր» բարեգործական հիմնադրամը 200,000 ԱՄՆ տոլար պիտի յատկացնէ Պէյրութի Սուրբ Գէորգ հայկական եկեղեցին վերականգնելու համար, որ վնասուած է Օգոստոս 4-ի պայթումէն: Հասցէական օգնութիւն պիտի տրամադրուի նաեւ զոհուած հայերու ընտանիքներուն, որոնցմէ իւրաքանչիւրին պիտի յատկացուի 10 հազար ԱՄՆ տոլար:

«Մենք մեր խորին ցաւակցութիւնն ու զօրակցութեան խօսքերը կը յայտնենք բոլոր անոնց, որոնք տուժած են Պէյրութի սարսափելի իրադարձութենէն: Կը սգանք զոհերուն համար եւ կը մաղթենք արագ ապաքինում այս ողբերգութենէն բոլոր տուժածներուն»,- նշած են «Տաշիր» հիմնադրամէն: