Ոչ Միայն Ուժով, Այլեւ Խաղաղ Սրտով Ու Ամուր Հաւատով. Ռազմական Համալսարանի Տարածքին Վրայ Պիտի Գործէ Ս. Մեսրոպ Մաշտոց Եկեղեցին

Այլեւայլ, Հայաստան

Օգոստոս 2-ին, պաշտպանութեան նախարարութեան Վազգէն Սարգսեանի անուան ռազմական համալսարանին մէջ, հանդիսաւոր կերպով բացուած է Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցին: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ ՊՆ մամուլի քարտուղար Շուշան Ստեփանեան։

Արարողութեան ներկայ եղած են պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան, բարձրաստիճան զինուորականներ, համալսարանի ղեկավար կազմն ու փրոֆէսըր-դասախօսական անձնակազմը:

Եկեղեցւոյ կառուցման հիմնարկէքը կատարուած էր 2013-ին՝ ռազմական համալսարանի նախկին պետ, զօրավար-փոխգնդապետ Մարթին Կարապետեանի եւ համալսարանի անձնակազմի նախաձեռնութեամբ: Շինարարութիւնը ընդհատուած էր, սակայն, 2020-ին, պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի հրահանգով, զօրավար-փոխգնդապետ Մարթին Կարապետեանի նախաձեռնութեամբ եւ ռազմական համալսարանի պետ, գնդապետ Խաչատուր Խաչատրեանի մասնակցութեամբ՝ եկեղեցւոյ կառուցման աշխատանքները վերսկսած են ու հասցուած աւարտին:

ԶՈւ հոգեւոր առաջնորդ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեանի գլխաւորութեամբ եւ առաջնորդութեամբ՝ սրբալոյս միւռոնով օծուած են եկեղեցւոյ խաչը, զանգը, սուրբ սեղանն ու մկրտութեան աւազանը: ԶՈւ հոգեւոր առաջնորդը օրհնանքի խօսք ըսած է եւ բարեմաղթած նորանոր ձեռքբերումներ հայ ժողովուրդի հոգեւոր եւ ազգային արժէքներու պահպանութեան սուրբ գործին:

Այսուհետեւ, ռազմական համալսարանի տարածքին պիտի գործէ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցին, ուր աղօթք պիտի բարձրացուի սպաներու եւ սպայական ուսանողներու համար, պիտի կատարուին եկեղեցւոյ սուրբ խորհուրդները, պատարագներ, մկրտութիւններ եւ այլն: