Հայ Դատի Յանձնախումբի եւ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի Կազմակերպութեամբ Բողոքի Ցոյց Վանգուվըրի Մէջ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Գանատայի Հայ Դատի յանձախումբի Արեւմտեան շրջանի եւ ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ, Յուլիս 26ին կայացաւ Հայաստանի դէմ ազրպէրճայնական յարձակապաշտ վարքագիծը դատապարտող բողոքի ցոյց։ Աւելի քան 100 վանգուվըրահայերուն դէմ հակացոյցի դուրս եկան մօտ 50 ազրպէյճանցիներ, որոնք կը բացագանչէին «Ղարաբաղը Ազրպէյճանի կը պատկանի»։

Ցոյցին կը մասնակցէին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հայր Գարգին Վրդ. Շխրտմեան, Ս. Վարդան եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Գեղարդ Կարապետեան եւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահէ Յակոբեան։ Բողոքի հաւաքի ընթացքին, Հայաստանի դէմ ազրպէյճանական յարձակողապաշտութիւնը դատապարտեցին Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներ Յակոբ Տէր Յակոբեան եւ Բալիկ Քոչկիրեան։