Գիշեր Կրակոցներ Եղած Են Նաեւ Նոյեմբերեանի, Գեղարքունիքի, Նախիջեւանի Հատուածներուն Մէջ. Արծրուն Յովհաննիսեան
Երէկ գիշեր ՀՀ ամբողջ սահմանի երկայնքով իրականացուած են հակառակորդին կողմէ մօտ 120 կրակոցներ եւ խախտումներ, հիմնականօրէն կիրառուած են հրաձգային զէնքեր, ինչպէս նաեւ մեծ տրամաչափի: Այս մասին Յուլիս 16-ին, լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է Իջեւանի մէջ լրատուական ճգնաժամային կեդրոնի պատասխանատու Արծրուն Յովհաննիսեան:
«Չեն կիրառուած հրետանային եւ այլ աւելի մեծ տրամաչափի միջոցներ: Կրակոցները եղած են ոչ միայն բուն մարտական գործողութիւններու հատուածին մէջ, որոնք կ՛ընթանային վերջին օրերուն, այլ Տաւուշի ամբողջ սահմանի երկայնքով, ներառեալ Նոյեմբերեանի ուղղութեամբ:
Կրակոցներ եղած են նաեւ Գեղարքունիքի հատուածին մէջ, երկրորդ բանակային ջոկատի հատուածին, ինչպէս նաեւ Նախիջեւանի հատուածին մէջ 4-րդ եւ 5-րդ բանակային ջոկատներու հատուածներուն մէջ:
Ըստ էութեան, եթէ ամփոփենք այդ խախտումները, կարելի է համարել, որ լարուածութիւնը զգալիօրէն թուլացած է»,-ըսած է ան:
Արծրուն Յովհաննիսեան տեղեկացուցած է, որ վիրաւորներուն վիճակը չէ փոխուած, նոյնն է. մէկուն վիճակը կը շարունակէ ծայրայեղ ծանր մնալ, բայց կայունութիւն կայ:
«Անցնող գիշեր եղաւ հետաքրքիր տեղեկատուական գործողութիւն հակառակորդին կողմէ. Տարբեր հեռախօսահամարներու վրայ ստացունք կեղծ, լատինատառ, ոչ այնքան հասկնալի հաղորդագրութիւններ` սաստկութեան, զոհերու, արեան անհրաժեշտութեան մասին: Ես արդէն ըսած եմ, որ անոնք կեղծ լուրեր են: հեռաձայնային գործարկող ընկերութիւնները իրավիճակը շտկած են, հիմա կ՛ուղարկեն այլ հաղորդագրութիւններ, որ ատիկա հերքեն: Այս պահուն հանգիստ է, կրակոցներ չկան»,- ըսած է Յովհաննիսեան:
