Հակառակորդի Արձակած Կրակոցէն Երկու Հայ Զինծառայող Զոհուած Է

Հայաստան

Հայ-ատրպէյճանական պետական սահմանագօտիի հիւսիս-արեւելեան հատուածին վրայ՝ հակառակորդին արձակած կրակոցէն զոհուած են զինծառայողներ քսանապետ Գարուշ Վեմիրի Համբարձումեանը եւ հրամանատար Սոս Փայլակի Էլբակեանը: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի խօսնակ Շուշան  Ստեփանեանի Facebook-ի էջին կատարուած արձանագրութենէն:

«Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակացութիւնը կը յայտնէ զոհուած զինծառայողներու ընտանիքներու անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն»,- նշած է Շ. Ստեփանեան: