Համակարգող Խորհուրդը Կ՛ազդարարէ Լրագրողներու Տարածաշրջանային Առցանց Ժողովներու Մեկնարկը

Սփիւռք

Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող խորհուրդը` հիմնուելով 29 փետրուար – 1 մարտին Անթիլիասի մէջ կայացած իր նիստին որոշումներուն վրայ, ծրագրած է կազմակերպել տարածաշրջանային առցանց խորհրդակցութիւններ: Առաջին հերթին նկատի առնուած են Մերձաւոր Արեւելքի մէջ (Լիբանան, Սուրիա, Իրան, Քուէյթ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Եգիպտոս) գործող հայկական լրատուամիջոցներու խմբագիրները:

Առցանց տարածաշրջանային առաջին ժողովը  տեղի պիտի ունենայ 30 յուլիս 2020-ին, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 18:00-ին:

Իբրեւ թեմա նկատի առնուած է` «Հայկական լրատուամիջոցը ներկայ պայմաններուն մէջ. դժուարութիւններ եւ դիմագրաւման միջոցներ»:

Մասնակցիլ փափաքողներէն կը խնդրուի կապուիլ հետեւեալ ե-նամակի հասցէին` panarmenian.media@gmail.com

Ծանօթ.- Լրատուամիջոցներէն կը խնդրուի հրապարակել:

ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ
ՀԱՄԱԺՈՂՈՎՆԵՐԸ ՀԱՄԱԿԱՐԳՈՂ ԽՈՐՀՈՒՐԴ