Ո՛ր Կառոյցներուն Կը Վստահին Կամ Չեն Վստահիր Հայաստանցիները

Հայաստան

Հետազօտական պաշարներու կովկասեան կեդրոնը (CRRC) հրապարակեց իր հերթական «Կովկասեան պարոմեթր» հետազօտութեան արդիւնքները: Հարցումներ ուղղուած են հայաստանցիներուն այս տարուան 21 Փետրուարէն 15 Մարտ: Ի շարս բազմաթիւ հարցումներու` մասնակցողները պատասխանած են այն հարցումին, թէ իրենք ո՛ր կառոյցներուն կը վստահին ամէնէն աւելի եւ ամէնէն նուազ։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Civilnet.am-էն։

Հետազօտութեան համաձայն՝ հանրային վստահութեան մեծագոյն պաշարը ունի բանակը` 88 տոկոս, որուն բոլորովին կը վստահի հարցախոյզի մասնակցողներուն 57 տոկոսը, իսկ 31 տոկոսը` վաղուց կը վստահէր արդէն: Բանակէն ետք հայաստանցիները ամէնէն աւելի կը վստահին եկեղեցւոյ՝ 80 տոկոս: Մասնակցողներուն 46 տոկոսը բոլորովին կը վստահի եկեղեցւոյ, իսկ աւելի կանուխ կը վստահէր 34 տոկոսը:

Հանրային վստահութեան ցանկին երրորդ դիրքը կը գրաւէ նախագահը` 78 տոկոս վստահութեան պաշարով: Չորրորդ դիրքին վրայ է կառավարութիւնը (վարչապետ, նախարարներ)` 71 տոկոս: Մասնակցողներուն 27 տոկոսը բոլորովին կը վստահի կառավարութեան, իսկ աւելի կանուխ կը վստահէր 44 տոկոսը:

Նշենք, որ հարցախոյզը կատարուած է, երբ Հայաստանի մէջ նոր թափ ստացած էր «Քորոնա» ժահրը, իսկ կառավարութիւնը կը թերագնահատէր համաճարակին վտանգը, դեռ չէր դադրեցուցած սահմանադրական հանրաքուէի քարոզարշաւը:

Վստահութեան աստիճանաւորման հինգերորդ ու վեցերորդ դիրքերը կը բաժնեկցին ոստիկանութիւնը եւ կրթական համակարգը` 51ական տոկոսով: Մարդու իրաւունքներու պաշտպանին եւ խորհրդարանին, հարցախոյզին համաձայն՝ կը վստահի 39 տոկոսը, ՄԱԿին եւ Եւրոպական Միութեան` համապատասխանաբար մասնակցողներուն 38 եւ 37 տոկոսը:

Դրամատուներուն կը վստահի հայաստանցիներուն 34 տոկոսը, լրատուամիջոցներուն նկատմամբ վստահութիւնը միայն 29 տոկոս է,  աւելի նուազ է վստահութիւնը հասարակական կազմակերպութիւններուն հանդէպ՝ 26 տոկոս: Անվստահութեան մրցանիշ սահմանած է դատական համակարգը: Իշխանութեան դատական ճիւղին կը վստահի միայն 22 տոկոսը:

Վստահութեան ճգնաժամի մէջ են քաղաքական կուսակցութիւնները կամ քաղաքական համակարգը: Կուսակցութիւններուն նկատմամբ ընդհանուր վստահութիւնը չի գերազանցեր 20 տոկոսը: Ընդ որում, բոլորովին կը վստահի մասնակցողներուն միայն 3 տոկոսը, իսկ 17 տոկոսը` աւելի կանուխ կը վստահէր արդէն։

0702Vsda1