Գաղափարախօս Բանաստեղծը (Պարոյր Սեւակի Յիշատակին)

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Աւետիս Ռազմիկ

«Արարատ» օրաթերթ

17 Յունիս 1971-ին, անսպասելիօրէն սեւով շղարշուեցաւ հայ կեանքը, երբ կայծակի արագութեամբ տարածուեցաւ գոյժը՝ ոչ եւս է Պարոյր Սեւակ…:

47-ամեայ բանաստեղծը, որ կը գտնուէր ստեղծագործական կեանքի բեղուն մէկ հանգրուանին, երբ տակաւին ժամանակ ունէր սլացքներ նուաճելու եւ դափնիներ խլելու եւ մանաւանդ, երբ ժողովուրդը տրամադիր էր բուռն ծափողջոյններ յղելու անոր եւ փայլուն գործեր ընթերցելու անկէ, ցաւագինօրէն կը կանգնէր դաժան փաստի մը առաջ… դադրած էր հոսելէ գրիչը տաղանդաւոր բանաստեղծին եւ տրոփելէ սիրտը ազգային հասարակական գործիչին:

Առաջին հայեացքով կը կարծուի, թէ միայն գրական աշխարհը կորսնցուց իր ամենացայտուն ներկայացուցիչը: Սակայն, աւելի համապարփակ դիտանկիւնէ նայելով անոր, կը հաստատենք որ ազգային-քաղաքական եւ պետական անհատականութիւն մըն էր Պ. Սեւակ, որ սերմերը ցանեց ազգային գաղափարախօսութեան, հայութիւնը համախմբեց այնպիսի՛ գաղափարներու շուրջ, որոնք փաստօրէն խարսխեցին հայուն ազգային անհատականութիւնը, ինքնատիպութիւնը, հերոսականութիւնը եւ նկարագրային բնորոշ գիծերը: Բացառիկ հոտառութեամբ ան կարողացաւ իր գրիչով լարել հայրենասիրական թրթիռները հայոց, բորբոքել սիրտերն ու հոգիները ե՛ւ ժամանակակիցներուն ե՛ւ գալիք սերունդներուն՝ հայրենաբնակ ըլլային անոնք թէ տարագիր բեկորներ:

  Ժամանակակիցներուն մէջէն ան անմիջապէս զատորոշուեցաւ իր թարմ շունչով, նորարարութեամբ, երեւոյթները համամարդկայնօրէն զննելու խորաթափանցութեամբ, մարդուն խորքը լայնօրէն իմաստասիրելու հմտութեամբ: Գրական շքեղ համաստեղութիւն մը կը ստեղծագործէր իր օրերուն՝ Յովհաննէս Շիրազ, Սիլվա Կապուտիկեան, Գէորգ էմին, Հրաչեայ Յովհաննիսեան, Վահագն Դաւթեան, Համօ Սահեան, Մարօ Մարգարեան եւ ուրիշներ: Սակայն՝ Պ. Սեւակը շեշտակիօրէն կը տարբերէր իր մտահորիզոնով, լեզուամտածողութեամբ, հզօր երեւակայութեամբ ստեղծած պատկերներով եւ վերջապէս ժողովրդականութեամբ, որ ամենադիպուկ ապացոյցն է գրողի մը վաւերականութեան:

  Ան ինքնին եղաւ մէկ անտրոհելի օղակը գրագէտներու այն ոսկէ շղթային, որ հայ գրականութեան պարծանքը հանդիսացաւ.- Յ. Թումանեան, Ա. Իսահակեան, Վ. Տէրեան, Յ. Յովհաննիսեան եւ Եղիշէ Չարենց: Գիսագանգուր հսկայ մը կանգնեցաւ տիտաններու քովն ի վեր:

  Պարոյր Սեւակ հանրածանօթ բանաստեղծը միաժամանակ գրականագէտ էր, գիտական աստիճան ունեցող բանասէր, Խորհրդային Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդի պատգամաւոր, Գրողներու Միութեան վարչութեան քարտուղար, թարգմանիչ, հրապարակագիր, գրաքննադատ եւ գրական ուղիի առաջնորդ: Ան հարստացուց հայոց լեզուն իր բացառիկ իմացութեամբը գրաբարի եւ միջնադարեան հայոց լեզուին եւ գրականութեան: Գրականագէտներ կը վկայեն թէ Աստուածաշունչը եւ Գրիգոր Նարեկացիի հոգեւոր-գրական ժառանգութիւնը իրենց դրոշմը դրած են անոր ճոխ լեզուահմտութեան վրայ: Ուշագրաւ է Ա. Պապոյեանի «Պարոյր Սեւակի Չափածոյի Լեզուական Արուեստը» (1970) աշխատութիւնը, որ ուսումնասիրութիւն մըն է անոր լեզուական իմացութեան շուրջ: Պատահական չէ որ բազմաթիւ ականաւոր գրականագէտներ մենագրութիւններ նուիրեցին Պարոյր Սեւակի, ինչպէս Ա. Արիստակէսեան, Դ. Գասպարեան, Լ. Արզումանեան, Յ. Չարխչեան, Գ. Չալիկեան, Ս. Սարինեան, Լ. Հախվերտեան, Ա. Խաչատրեան եւ ուրիշներ:

  Ինչպիսի՞ բանաստեղծ էր ան.- քնարերգա՞կ, դիւցազներգա՞կ, իրապա՞շտ, գեղապա՞շտ, վիպապա՞շտ: Ո՛չ. գաղափարախօս բանաստեղծ էր:

  Գրականագէտ, Պ. Սեւակի ստեղծագործութեան սիրահար, բանաստեղծ Պէպօ Սիմոնեան կը գրէ. «Պարոյր Սեւակ սովորական իմաստով բանաստեղծ մը չէր, այլ իր ժողովուրդի հաւաքական ապրումներուն, թռիչքներուն, երազներուն, առօրեայի մտորումներուն եւ տուայտանքներուն եւ ազգային ձգտումներուն արտայայտիչը, մարգարէաշունչ պատգամաբերը: Ժամանակի հեւքով շնչող, մարդու եւ հայրենիքի ճակատագրով տագնապող եւ այդ տագնապները բանաստեղծութեամբ արարչագործելով լուսաւոր բարձունքներու տանող խիզախ, յանդուգն եւ յախուռն բանաստեղծը»:

  Պ. Սեւակ խորաթափանցօրէն ընդգծեց ազգային դէմքեր եւ դէպքեր՝ Մեսրոպ Մաշտոց, Սայաթ Նովա, Կոմիտաս, Սարդարապատ, Երեւան-Էրէբունի, Արփա Սեւան: Անոնց ընդմէջէն հիմնաւորեց ազգային գաղափարախօսութիւն մը, որ հայը շաղկապեց հայուն, հայրենի հողին, պատմութեան, ազգային մեծերուն, յաղթանակին եւ վերապրումին:

  1965-ին, Մեծ Եղեռնի յիսնամեակի համազգային պոռթկումին մէջ պէտք է տեսնել 1958-ին գրուած եւ 1959-ին հրատարակուած «Անլռելի Զանգակատուն»-ին սփռած բորբոքուն հունտերը: Կոմիտասէն անդին՝ Հայկական Ցեղասպանութիւնն էր գաղափարախօս բանաստեղծին մտահոգութիւնը: Այս առթիւ բանաստեղծ Գէորգ Էմին կը գրէ. «Մինչեւ Պարոյր Սեւակը մեր սերնդի բանաստեղծներից ոչ ոք այդքան խոր եւ բազմակողմանի ձեւով, այդքան հզօր շնչով չէ՜ր արտայայտել մի ամբողջ ժողովրդի կենսագրութիւն: Չէ՞ որ, թէեւ «Անլռելի Զանգակատուն»ը Կոմիտասի մասին է, բայց նրա գլխաւոր հերոսը հայ ժողովուրդն է՝ նրա պատմութիւնը, կեանքը, կենցաղը, նրա եղեռնի ողբերգութիւնն ու վերածննդի հպարտութիւնը…

  Բազմաթիւ ու բազմապիսի բարձր առաքինութիւններ ունի այդ պոէմը, որը փաստօրէն հայ ժողովրդի վերջին հարիւրամեակի կեանքի կենդանի հանրագիտարանն է, եւ նրա մասին գրուել են ու դեռ կը գրուեն բազմաթիւ յօդուածներ, ուսումնասիրութիւններ ու գրքեր»:

  Պարոյր Սեւակ գաղափարախօսը կը տուայտէր այսպէս.

           Աքսորը միայն բռնի չի լինում,

                                    այլեւ կամովին,

           եւ առաւել է տխուր ու տրտում ոչ մեռելոցը,

                                   այլ գերելոցը:

          Օտարութեան մէջ ազատ լինելն էլ ա՛յլ գերութիւն է,

          եւ տան մէջ նոյնիսկ գերի լինելը՝ ա՛յլ ազատութիւն:

          Իսկ տունն էլ տո՛ւն չէ, այլ հայրենի՛ք է,

                                   եւ ի՜նչ հայրենիք.

          գայլի երախից ձեռքերով խլուած մի Դաւիթ մանուկ,

          երկանքաքարի ակռայից պրծած-ողջանդամ մի սերմ…

          Եւ ո՞վ կը գտնի, որտե՞ղ կը գտնի

          այսպիսի մէկ այլ՝ երկրորդ հայրենիք

                                   եւ ի՜նչ հայրենիք…

                                                                            («Եռաձայն Պատարագ»)

  Այսօրուան պատգամ չէ՞ սա: Հայրենի ժողովուրդին այնքա՜ն կարեւոր հրահանգ-պատուէր: Գաղափարախօս բանաստեղծը կը գուշակէ՞ր մերօրեայ հոծաթիւ հայրենալքումը: Մի գուցէ:

  Իր մտերիմներէն էր գրականագէտ, թատերագէտ, ակադեմիկոս Լեւոն Հախվերտեան, որ 1987-ին հրապարակեց «Պարոյրը» յուշագրութիւն-աշխատութիւնը: Հոն կը գրէ. «Մի ամբողջ սերնդի մտքերի տիրակալը եղած գրողը չի կարող հաստատօրէն տեղ չբռնել իր ժողովրդի պատմութեան մէջ՝ անկախ այն պարագայից, թէ ինչ է սպասում իր ստեղծագործութեանն ապագայում: Իսկ դրա կռահումը ոչ ոքի չի տրուած: Դրա իրաւունքը վերապահւում է, ինչպէս Պարոյրը կ’ասէր, Նորին Մեծութիւն Ժամանակին»:

  Նորին Մեծութիւն Ժամանակը ապացուցեց թէ Պարոյր Սեւակ մարգարէ բանաստեղծ է, որովհետեւ ամէն առիթի յաղթադղորդ կ’երգենք՝

                  Բայց մենք չընկանք, մենք միշտ կա՛նգ:

  Լո՜յս յիշատակիդ գաղափարախօս բանաստեղծ:

ԱՒԵՏԻՍ ՌԱԶՄԻԿ