Օրինակելի Նախաձեռնութիւն

Այլեւայլ, Հայաստան, Սփիւռք

Օրինակելի նախաձեռնութեամբ մը, Լիբանանէն` Արին, Հայկ եւ Սանան Խաչերեաններ Արցախի Հանրապետութեան երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան նուիրած են միջազգային չափանիշերով բարձրագոյն որակի պասքեթպոլի հազար գնդակ:

Մարզական ոլորտին ուղղուած այս նուիրատուութիւնը, ըստ էութեան, երկարաշունչ ծրագիրի մը առաջին քայլն է Արցախի մէջ պասքեթպոլի մարզաձեւի զարգացման: Ծրագիրը կը միտի քաջալերել տարբեր ձեւաչափերով Արցախի մասնակցութիւնը միջազգային մրցումներու: