«Մեր Բոլորիս Ուխտավայր ՃԵՄԱՐԱՆին». Առցանց Նուիրահաւաք

Սփիւռք

Ամբողջ աշխարհի մէջ, 2019-2020 ուսումնական տարեշրջանին, «Քորոնա» ժահրը ծանր հարուած հասցուց կրթութեան մարզին. զանազան երկիրներու մէջ դպրոցները փակուեցան, եւ այս մէկը ժխտական ազդեցութիւն ունեցաւ աշխարհի աշակերտներուն մեծ մասին վրայ: Լիբանանի մէջ, համաճարակը եւ երկրին մէջ արդէն իսկ տիրող փոթորկալից քաղաքական եւ տնտեսական իրավիճակը միասնաբար ստեղծեցին աննախընթաց տագնապ մը կրթութեան մարզին համար: Հոկտեմբեր 2019էն սկսեալ դասարանային դասաւանդումը բազմաթիւ անգամներ ընդհատուեցաւ եւ Մարտ 2020էն ետք փոխարինուեցաւ առցանց հարթակներով:  Այս իրավիճակին զուգահեռ` արագ աճող անգործութեան, սղաճի եւ լիբանանեան դրամանիշի արժեզրկման պատճառով, Ճեմարանի աշակերտները, ծնողները եւ անձնակազմը եւս ծանր կացութեան մատնուեցան:

Ճեմարանը, ինչպէս միշտ, յանձնառու է իր առաքելութեան եւ ներկայ պայմաններուն մէջ՝ ա՛լ աւելի յանձառու:

Նկատի ունենալով վերոնշեալները, ընթացք կ՛առնէ «Մեր բոլորիս ուխտավայր ՃԵՄԱՐԱՆին» առցանց նուիրահաւաքը՝ միասնաբար այս հանգրուանը շրջանցելու եւ արձագանգելու համաճարակին ժխտական հետեւանքներուն, ինչպէս նաեւ միաժամանակ ամրապնդելու դպրոցին երկարատեւ կայունութիւնը: Առ այդ, դրամահաւաքի երեք հիմնական ուղեգիծեր ճշդուած են.

  1. Սաներու Ֆոնտին եւ դպրոցի ընկերային ծառայութեան գրասենեակին անմիջական յաւելեալ եկամուտ ապահովել.
  2. Դպրոցին առցանց դասաւանդման կարողութիւնը զարգացնել` արդիականացնելով տեղեկատուական արհեստագիտութեան ենթակառոյցը եւ ձեռքբերելով համապատասխան համակարգչային ծրագիրներ.
  3. Դպրոցէն ներս անմիջական առողջապահութեան պայմանները բարելաւել.

Մենք կը դիմենք մեր շրջանաւարտներուն, բարեկամներուն եւ Ճեմարանի մեծ ընտանիքի անդամներուն՝ աջակցելու այս նախաձեռնութեան եւ արձագանգելու մեր կոչին:

Ձեր աջակցութիւնը պիտի նպաստէ` անմիջական այս տագնապը շրջանցելու, ինչպէս նաեւ դպրոցի հզօրացման եւ կայունացման:

Բոլորիս զօրակցութեամբ 90ամեայ Ճեմարանը տակաւին երկար տարիներ պիտի գոյատեւէ` կառչած մնալով հայեցի դաստիարակութիւն եւ բարձրորակ կրթութիւն ջամբելու իր առաքելութեան:

Նուիրահաւաքին մասնակցելու համար սեղմել հետեւեալ կապը՝ www.djemaran.edu.lb/donate

Շնորհակալութիւն:

Լաւագոյն մաղթանքներով՝

ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ

«Գրոհին դիմաց օտար ու ժանտ հովերուն.

Յաղթական բերդ, աւանդատուն հայկազեան»