Հայ Գիտնականները Վարակազերծող Սարք Ստեղծած են

Այլեւայլ, Հայաստան

Հայ գիտնականներու խումբը ստեղծած է մանրէասպան սարք, որուն առաջին խմբաքանակը տրամադրուած է բժշկական հաստատութիւններուն:

Օգտագործելով ուլտրամանուշակագոյն ճառագայթներու մանրէասպան յատկութիւնը` գիտնականները ստեղծած են սարք, որ թոյլ կու տայ վարակազերծել շրջապատը:

Թեթեւ, պարզ, մատչելի ու լայն կիրառութիւն ունեցող սարքի հեղինակները չեն մոռցած, որ սարքին մէջ օգտագործուող ուլտրամանուշակագոյն ճառագայթիչները ունին նաեւ վնասակար ազդեցութիւն եւ իր շուրջ ստեղծուած կազմուածքին շնորհիւ փորձած են խուսափիլ անկէ: Սարքը արդէն անուն ունի` ANTIVIRUS UV, կը հաղորդէ Armradio-ն: