«Օգնիր Հայրենակցիդ» Նախաձեռնութիւնը 1600 Ընտանիքի Օգնութիւն Տրամադրած է

Հայաստան

ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան (ՀԵՄ) եւ ՀՅԴ Նիկոլ Աղբալեան ուսանողական միութեան (ՆԱՈՒՄ) անդամները Հայաստանի Հանրապետութեան տարբեր մարզերու մէջ հարիւրարաւոր ընտանիքներու օգնութեան փաթեթներ տրամադրեցին անցնող օրերուն։ Յունիս 3-ին դաշնակցական երիտասարդները սկսան Լոռիի մարզին մէջ օգնութեան փաթեթներու բաշխումը։ «Օգնիր հայրենակցիդ» նախաձեռնութեամբ ցարդ 1600 ընտանիքներու տրամադրուած է օժանդակութիւն։