Շնչահեղձ Էակներ… Տարօրինակ Պտուղներ

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Գեղանկար՝ Թամերա Մալիքի-Ուոնկ

“ՀԱՅՐԵՆԻՔ”-ի խմբագրական

Southern trees bear a strange fruit

Blood on the leaves and blood at the root

(Հարաւի ծառերը տարօրինակ պտուղ մը կու տան

Արիւնոտ տերեւներ եւ արիւնոտ արմատ…)

Այս տողերը քաղուած են կարճ բանաստեղծութենէ մը՝ «Strange Fruit» (Տարօրինակ Պտուղ): Հեղինակն է Նիւ Եորքի Պրոնքս շրջանի անծանօթ բանաստեղծ-երգահան Ապէլ Միրոփոլ (Abel Meeropol, 1903-1986):

Ընդամէնը 12 տողէ բաղկացած այս բանաստեղծութիւնը այնքան խորիմաստ եւ իմաստազեղ է, որ կարդացողը կը ստիպուի քանի մը անգամ կարդալ, որպէսզի լաւապէս թափանցէ նիւթին, ըմբռնէ ներկայացուած ահաւոր պատկերը:

Արդեօք այս բանաստեղծութեան մասին ի՞նչ կարծիք պիտի ունենար Սպիտակ Տան ներկայ «վարձակալ»-ը, որ կը շարունակէ շաղակրատել եւ սպառնալիքներ տեղալ իր տան ձուաձեւ գրասենեակէն թէ մօտակայ «Սէնթ Ճոն՛՛ եպիսկոպոսական եկեղեցիին առջեւէն․․․։

«Տարօրինակ պտուղ»-ները անբախտ ու անպատսպար սեւամորթներն են, որոնք տանջանքի եւ տառապանքի ենթարկուելէ ետք, ծառերու վրայ կախաղան կը հանուէին, պարզապէս հաճոյք պատճառելու համար սպիտակամորթ ցեղապաշտ ծայրայեղականներու:

Միրոփոլ պատահմամբ տեսած է Ինտիանայի մէջ 1930-ին առնուած լուսանկար մը, ուր երկու անմեղ սեւամորթներ ծառէ մը կախուած են: Հոգեկան ահաւոր վերիվայրումներ եւ խոր ցնցում ունենալով, ան թուղթին յանձնած է իր ցասումը:

Պատմութիւնը մերթ ընդ մերթ կը կրկնէ ինքզինք. շատեր նմանօրինակ ցնցումներ ապրեցան ու կ’ապրին, ականատես ըլլալով որ գրեթէ դար մը ետք, նմանօրինակ դէպք մը կը պատահի Մինեսոթայի մէջ, ուր սեւամորթ Ճորճ Ֆլոյտ, փոխանակ պտուղի մը նման ծառէն կախուելու, գետին փռուած, ոստիկանի մը ծունկին ճնշումին տակ շնչահեղձ եւ  «արմատախիլ» եղաւ: Ուրեմն… գրեթէ դար մը ետք, շատ բան չէ փոխուած Նոր Աշխարհին մէջ եւ, աւելի՛ն, սեւամորթ քաղաքացի մը սպաննուած է սպիտակամորթ ոստիկանի մը կողմէ, որ ի պաշտօնէ միայն յատուկ կացութիւններու պարագային՝ իրաւասութիւն ունի իրեն սպառնացողին մահ պատճառելու։ Սակայն, այս պարագային, խնդրոյ առարկայ կասկածելի անձը՝ ձեռնակապերու մէջ, շնչահեղձ վիճակի մատնուած է՝ խռչափողը բոլորովին խափանուած․․․

«Տարօրինակ պտուղ»-ներու պատմութիւնը երկար է: Միրոփոլ իր ազդեցիկ բանաստեղծութիւնը երգի վերածեց քանի մը տարի ետք: 1939-ին, Նիւ Եորքի սրահներէն մէկուն մէջ, հազիւ 22-23 գարուններ բոլորած երիտասարդ երգչուհի մը՝ Պիլի «Լէյտի Տէյ» Հոլիտէյ  (Billie Holiday, 1915-1959), խնդրեց ներկաներէն, որ երգի պահուն չաղմկեն, սպասեակներուն ալ պատուիրեց, որ խմիչք չմատուցեն։ Ապա, սրահին լոյսերը մարելով, խաւարին մէջ յուզում վարակող ձայնով, հեկեկալով եւ լալով, երգեց «Տարօրինակ պտուղ»-ը: Աւարտին, երբ սրահը վերստին լուսաւորուեցաւ, Հոլիտէյ արդէն հեռացած էր բեմահարթակէն եւ խորապէս զգացուած՝ չընդառաջեց վերստին բեմ ներկայանալու ներկաներու կոչին:

Հոլիտէյ քսան տարի շարունակ գերզգայուն մօտեցումով կը մեկնաբանէր «Տարօրինակ պտուղ»-ը, ո՛չ թէ անոր համար, որ ինքն ալ սեւամորթ էր, այլ աւելին՝ կորսնցուցած էր քառասուն տարիքը չբոլորած հիւանդ հայր մը, որուն արգիլուած էր մուտք գործել… հիւանդանոց, որովհետեւ պարզապէս սեւամորթ էր:

Հոլիտէյ ի՛նք եւս «Տարօրինակ պտուղ»-ի կացութեան մատնուեցաւ, երբ գեղարուեստի բնագաւառին մէջ, ցեղապաշտ գործատէրեր զինք հալածեցին այնքան, որ անոր արգիլուեցաւ ո՛չ թէ միայն ելոյթ ունենալ, այլ նոյնիսկ պատշաճօրէն դարմանուիլ Նիւ Եորքի հանրածանօթ հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ, որովհետեւ թմրեցուցիչ գործածած էր:

Շնչահեղձ էակի մը կամ  «Տարօրինակ պտուղ»-ներուն պատմութիւնը կը տարածուի քաղաքէ քաղաք: Աւելի՛ն, նախագահական ընտրութիւններու սեմին, «պտուղը» կը գործածուի իբրեւ քաղաքական պաշտտպանողականի կամ յարձակողականի միջոց…:

Ի՛սկապէս, ո՛չ մէկ բան փոխուած է. անցեալ դարու «դրօշակիր» երգ-բանաստեղծութեամբ արտայայտուած՝  «Տարօրինակ պտուղ»-ներու ողբերգութիւնը կը շարունակուի, անոր աւարտի վերջին երկու տողերուն նման.-

For the sun to rot, for the tree to drop

Here is a strange and bitter crop

(Արեւը փտեցնելու, ծառը տապալելու համար

Ահաւասիկ տարօրինակ եւ դառնահամ բերք մը):