Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը 50 հազար Տոլար Կը Նուիրէ Լիբանանահայութեան

Սփիւռք

Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան (ՄԱՀԱԵՄ) Կեդրոնական Մարմինը գոհունակութեամբ կը յայտարարէ, թէ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը (ԱՀԱԸ) Լիբանանահայութեան հրատապ կարիքներուն նպաստելու նպատակով, յատկացուցած է սկզբնական յիսուն հազար ամերիկեան տոլարի գումար մը ի լրումն տարեկան իր շօշափելի օժանդակութիւններուն:

Այս յաւելեալ օժանդակութեամբ ԱՀԱԸ-ը կու գայ անգամ մը եւս հաւաստելու իր յանձնառու աշխատանքը եւ Լիբանանահայութեան նկատմամբ իր յատուկ հոգածութիւնը, Ընկերակցութեան առաքելութեան 102-ամեայ ուղիին ընթացքին: