Հայ Որբերու Օժանդակութեան Ընկերակցութեան Ձեռնարկը՝ Առցանց

Սփիւռք

Հայ որբերու օժանդակութեան ընկերակցութիւնը (SOAR) կը տեղեկացնէ, թէ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով, որոշուած է այս տարուան դրամահաւաքի գլխաւոր  ձեռնարկը իրականացնել համացանցի միջոցաւ։

31 Մայիսին, կէսօրուան ժամը 12-ին սկսող ձեռնակին մասնակցողները պիտի վայելեն բրիտանահայ իւրայատուկ կատակաբան Գեւ Օրգեանի կատարումները։

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել info@soar-us.org հասցէին կամ այցելել soar-us.org կայքը։