Արցախը Արժանի Է Անկախութեան Ճանաչման. ­Պա­րո­նու­հի ­Գա­րո­լայն Գոքս

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Մայիս 18ին, Գանատայի «Հորիզոն» շաբաթաթերթի աշխատակից Նազիկ Հանէշեան հեռակապով հարցազրոյց մը ունեցած է Մեծն Բ­րի­տա­նիոյ ­Լոր­տե­րու ­Պա­լա­տին ան­դամ­ ­Պա­րո­նու­հի ­Գա­րո­լայն Գոքսի հետ։

Հարցազրոյցին ընթացքին ­Պա­րո­նու­հի ­Գա­րո­լայն Գոքս վկայակոչած է Ատրպէյճանի կողմէ գործուած պատերազմական ոճիրները եւ մարդկային իրաւանց խախտման պարագաները։ Միաժամանակ ան իր հիացմունքը արտայայտած է Արցախի ժողովուրդին քաջութեան եւ խիզախութեան հանդէպ, շեշտելով, որ Արցախը արժանի է անկախութեան ճանաչման։ Հարցազրոյցի աւարտին՝ ­Պա­րո­նու­հի Գոքս կոչ ուղղած է Գանատայի խորհրդարանի անդամներուն, որպէսզի զգօն ըլլան ատրպէյճանական կողմի սադրանքներուն դիմաց։

Պարոնուհի Գոգս 86 անգամ այցելած է Արցախ։ Ան նաեւ բազմիցս Մեծն Բ­րի­տա­նիոյ ­Լոր­տե­րու ­Պա­լա­տին մէջ ելոյթ ունենալով վկայած է Արցախի մէջ Պաքուի կողմէ գործադրուած յանցագործութիւններուն մասին, յատկապէս յատուկ զեկոյցով վկայած է Մարաղայի կոտորածին մասին։

Արցախեան պատերազմի ընթացքին Պարոնուհի Գոքսը նիւթական եւ բարոյական անգնահատելի օգնութիւն ցուցաբերած է շրջափակման մէջ գտնուող արցախահայութեան։ Հրադադարէն ետք, իր գործօն աջակցութեամբ Ստեփանակերտի մէջ հիմնուած է ողնաշարի վնասուածքով հիւանդներու համար վերականգնողական բուժարան։