«Քորոնա»-ով Վարակուած Թեթեւ Ախտանշաններով Հիւանդները Տուն Պիտի Մնան

Հայաստան

ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան այսօր յայտնած է, որ մօտ օրերս «Քորոնա» ժահրի քննութեան ենթարկուած եւ դրական արդիւնքով հարիւրաւոր քաղաքացիներ, որոնք չունին ախտանշաններ կամ անոնք թեթեւ են, մեկուսացման վայրերէն պիտի վերադառնան տուն, ինչպէս նաեւ անոնք, որոնք նոր ախտորոշուած են եւ թեթեւ կը տանին ժահրը պիտի չմեկուսացուին հիւրանոցներուն կամ հիւանդանոցներուն մէջ, այլ անոնք նոյնպէս պիտի մնան տունը՝ բժիշկներու հսկողութեան տակ։

Դիմելով բժիշկներուն ան ըսած է․ «Տնային հսկողութիւնը պիտի իյնայ ձեր բոլորին ուսերուն վրայ, ինչպէս թեթեւ ախտանշաններ ունեցող սուր շնչառական վարակներով մեր քաղաքացիներու հսկողութիւնն է»:

 Նախարարը յայտնած է, որ այս փոփոխութիւնը պայմանաւորուած է երկու հանգամանքով:

 Առաջինը` դրական ախտորոշում ունեցող քաղաքացիներու թիւն է, որ օրէ օր կ՛աճի, իսկ երկրորդը` անախտանիշ դէպքերու վարման ռազմավարութեան փոփոխութիւնն է` մահճակալներու եւ այլ միջոցներուն լաւ օգտագործման տեսանկիւնէ:

 «Ռազմավարութեան այս փոփոխութիւնը սահուն իրականացնելու համար Առողջապահութեան ազգային հիմնարկը (ԱԱՊ) պիտի իրականացնէ COVID-19 դրական հիւանդներու տնային պայմաններու մէջ վարման ընթացակարգերու լայնածաւալ հեռավար դասընթացքներ: ԱԱՊ օղակի եւ հիւանդանոցային համակարգի կապը արդիւնաւէտ ձեւով պահելու համար ՀՀ ԱՆ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հիւանդանոցին մէջ պիտի հիմնուի բժիշկներու համար նախատեսուած զանգերու կեդրոն, ուր «Քորոնա»-ով հիւանդութեան բուժման աւելի մեծ փորձ ունեցող բժիշկ-մասնագէտները խորհրդատուութիւն պիտի տրամադրեն իրենց գործընկերներուն թէ՛ մեթոտական հարցերու, թէ՛ հիւանդներու վերաբերեալ»,- նշած է նախարարը: