Ատրպէյճանը Կրակած է Բերքաբեր Գիւղին Վրայ․ Վնասուած են Տուներ

Հայաստան

ՀՀ ՊՆ մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեան ֆէյսպուքեան իր էջին միջոցով յայտնած է, որ այսօր` Մայիս 13-ին` ժամը 14:00-ին, ատրպէյճանական մարտական յենակէտերէն խոշոր տրամաչափի զէնքերէ կրակած են Տաւուշի մարզի Բերքաբեր գիւղի ուղղութեամբ, որուն հետեւանքով վնասուած են բնակելի տուներ:

«Հակառակորդին կրակէտերու ուղղութեամբ հայ դիրքապահներու ձեռնարկած համապատասխան գործողութիւններու արդիւնքով հակառակորդին լռեցուցած են:

Տուժածներ չկան»,- գրած է Ստեփանեան: