Կարծախի Եկեղեցին Ջուրի Մէջ է

Հայաստան

Ձիւնն ու անձրեւը, մէկ շաբաթէն աւելի տեւած վատ եղանակը եւ Կարծախ գիւղի եկեղեցւոյ տանիքի հսկայական ճեղքերը կրկին բարձրացուցած են Սուրբ Յովհաննէս Կարապետ եկեղեցւոյ անմխիթար վիճակի հարցը:

«Եռագոյն»-ի փոխանցմամբ, Jnews-ը կը գրէ, որ տեսանիւթ ստացած է իր ընթերցողէն` Վիթալի Բանգոյեանէն, ուր կ՛երեւի  եկերեցւոյ մէջ հոսող ջուրը եկեղեցւոյ քարէ առաստաղի ճեղքերէն: Պատերը եւ սիւները ծածկուած են մամուռով, իսկ սրբապատկերները` բորբոսով, այստեղ ամէն ինչ ջուրի մէջ է:

Փաստ է, որ եկեղեցին երկար ժամանակ է կը գտնուի այս վիճակին մէջ։ Jnews-ը նիւթ մը հրապարակած էր 2017 թուականին` Թուրքիոյ հետ սահմանակից Կարծախ գիւղի եկեղեցւոյ վիճակի մասին, այդ ժամանակուընէ ի վեր վիճակը նոյնն է:

Այդ ժամանակ ալ իրավիճակը ծայրայեղ էր: Խոնաւութեան պատճառով սիւներն ու պատերը պատուած էին մամուռով, խոնաւութենէն սրբապատկերները «կու լային» եւ ծածկուած էին բորբոսով, հակառակ ատոր, եկեղեցին կը գործէր, եւ այստեղ եկեղեցական արարողութիւններ կը կատարուէին:

2012 թուականին եկեղեցին վերանորոգուած էր, բայց իրականացուած վերակառուցումէն ետք հին ծածկը փոխարինուած էր նորով, ինչ որ լաւ եւ ճիշդ չէ եղած եւ տանիքէն սկսած էր ջուր ներս հոսիլ: Անձրեւաջուրերը ներսը կը լճանան` յառաջացնելով ահաւոր խոնաւութիւն:

Կարծախի Սուրբ Յովհաննէս Կարապետ եկեղեցին վերաօծուած է 2012-ի Յուլիս 14-ին: Ան հիմնադրուած 19-րդ դարու 30-ական թուականներուն: