Ասկերանի Խաչեն Համայնքի Մանկապարտէզը Նոր Գոյք Ստացած է
«Բարի սամարացի» բարեգործական հասարակական կազմակերպութեան տնօրէն Արթուր Բալայեան Ասկերանի շրջանի Խաչեն համայնքի մանկապարտէզին նուիրաբերած է 18 մահճակալ, ինչպէս նաեւ վերանորոգած է յատակը: Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, յայտնած է մանկապարտէզի տնօրէն Նինել Բալայեան:
Ան տեղեկացուցած է, որ օրեր առաջ իրենց համագիւղացի, Ստեփանակերտի «Գրիգոր Նարեկացի» համալսարանի դասախօս Ամալիա Գրիգորեան իր Facebook-ի էջով տարածած էր յայտարարութիւն, որ Խաչենի մանկապարտէզին անհրաժեշտ են մահճակալներ, որուն ալ, ի ուրախութիւն բոլորի, արձագանգած է Արթուր Բալայեանը:
Ըստ տնօրէնին՝ մանկապարտէզը կառուցուած է 2007-ին, ֆրանսահայ բարերարներու կողմէն: Շէնքը տիպային է. Անիկա կը համապատասխանէ ժամանակակից չափանիշներուն:
«Երեխաները մինչեւ այժմ կը քնանային գրեթէ յատակին հաւասար, ցած մահճակալներու վրայ, որ մշտապէս բողոքի առիթ կու տար ծնողներուն: Յատակը քանդուած էր, եւ խոնաւութեան հոտը կը տարածուէր ողջ շէնքին մէջ։ Այժմ մենք ունինք նոր ու յարմարաւէտ մահճակալներ, վերանորոգուած ննջասենեակ ու խաղասենեակ, ուր երեխաները իրենց առօրեան կ’անցնեն հանգիստ եւ ուրախ: Մեր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնենք բարերար Ա. Բալայեանին՝ մեր համայնքին աջակցելու համար»,- մասնաւորապէս նշած է Ն. Բալայեան:
