ԹՈւՄՕ-ն Համակարգիչներ Կը Նուիրէ ՀՀ ԿԳՄՄ Նախարարութեան

Այլեւայլ, Հայաստան

ԹՈւՄՕ-ի համակարգիչները արդէն պատրաստ են ուղեւորուելու ՀՀ Կրթութեան, գիտութեան, մարմնակրթութեան եւ մշակոյթի նախարարութեան հաւաքագրման կէտ, ուրկէ անոնք պիտի բաշխուին Հայաստանի դպրոցներուն։ Այս մասին կը յայտնէ ԹՈւՄՕ ստեղծարար ճարտարագիտութիւններու կեդրոնի Facebook-ի էջը:

Օրեր առաջ՝ արձագանգելով ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան կոչին՝ ԹՈւՄՕ-ն յայտնած էր, որ նախարարութեան պիտի նուիրէ լաւ վիճակի մէջ գտնուող 50 iMac համակարգիչ, որոնք պիտի յատկացուին այն դպրոցականներուն, որոնք չեն կրնար մասնակցիլ առցանց դասերուն՝ համակարգիչ չունենալու պատճառով։