
Հայաստանի Մէջ Խստացուած Սահմանափակումները Կ՝երկարաձգուին Եւս 10 Օրով
Հայաստանի մէջ եւս 10 օրով կ՝երկարաձգուին խստացուած սահմանափակումները: Այս մասին, Facebook-ի իր էջի ուղիղ հեռարձակման ընթացքին նշեց ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:
«Ստիպուած ենք առնուազն 10 օրով երկարացնելու խստացուած սահմանափակումները։ Վիճակագրութիւնը կ՝անհանգստացնէ մեզի: Կայ երկու բացասական սահման, մէկը խուճապարահ ըլլալն է, միւսը՝ իրավիճակին շատ հանգիստ վերաբերիլը: Մենք խուճապի մատնուելու վտանգ ունէինք, սակայն յաջողեցանք կառավարել: Կարծես, այլ ծայրայեղութեան մէջ կը մտնենք՝ շատ հանգիստ կը վերաբերինք իրավիճակին: Շատերը կը մտածեն, որ «քորոնա» ժահրը իրենց չի հասնիր: Շատ պիտի ուզէի կիսել ձեր լաւատեսութիւնը: Եթէ հոգ չտանինք, արտակարգ միջոցներ չձեռնարկենք՝ «քորոնա» ժահրը մեզի կը հասնի շատ արագ: Կար վարկած, թէ շատ շատերը պիտի վարակուին: Մենք խնդիր ունինք, որ այդ ընթացքը ըլլայ կառավարելի, այսինքն, այնպէս չըլլայ, որ այնքան շատնան դէպքերը, որ առողջապահական համակարագը կաթուածահար ըլլայ: Ատոր համար կը յորդորենք տուն մնալ»,- ըսաւ վարչապետը: