
Արամ Ա. Կաթողիկոս Եւ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցան «Քորոնա» Ժահրին Ստեղծած Ներկայ Կացութեան Շուրջ
17 եւ 18 մարտին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային կապ հաստատեցին իրարու հետ` «Քորոնա» ժահրին ստեղծած ներկայ կացութեան առնչուած:
Վարչապետ Փաշինեան մօտէն հետաքրքրուեցաւ Լիբանանի եւ ընդհանրապէս ներկայ պայմաններուն մէջ կաթողիկոսութեան դիմագրաւած մտահոգութիւններուն գծով: Կաթողիկոսը, իր կարգին, իր մտահոգութիւնը յայտնեց ներկայ համաշխարհային համաճարակի հետեւանքներուն ուղղութեամբ` աղօթելով, որ Աստուած մեր հայրենիքն ու ազգը հեռու պահէ ամէն տեսակ փորձանքէ: Վեհափառ հայրապետը նաեւ ողջունեց վարչապետին տարած հետեւողական աշխատանքը: