
Քորոնա Ժահրի Կանխարգիլման Համար Բացուած Հաշուեհամարին Մէկ Օրուան Մէջ Փոխանցուած է Աւելի Քան 43 Միլիոն Դրամ Գումար
Քորոնա ժահրի վարակի կանխարգիլման եւ յաղթահարման նպատակով ֆինանսական աջակցութիւն ցուցաբերելու համար բացուած հաշուեհամարին կատարուած է 43 միլիոն 121 հազար դրամ:
Այս մասին կը տեղեկացնէ
պարէտատունը` յղում ընելով ՀՀ Ելեւմուտքի նախարարութեան:
«ՀՀ Ելեւմուտքի նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ 17.03.2020-ին գանձապետարանին մէջ
բացուած «Ֆիզիկական անձերու եւ կազմակերպութիւններու նուիրաբերութենէն պետութեան, Քորոնա
ժահրի (COVID-19) կանխարգիլման եւ յաղթահարման ապահովման համար ֆինանսական աջակցութիւն»
900005001947 հաշուին 18.03.20-ին, ժամը 14:00-ին մուտքերը կազմած են 43 մլն 121 հազար
դրամ, ընդհանուր քանակը` 218 վճարում»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: