Ի խնդիր Աւելի Համերաշխ, Մարդկային Աշխարհի… «Կենսաբանական ՏԱՀԷՇ»-ի Սպառնալիքը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

ԴերենիկՄելիքեան, «Ալիք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր

Եւ ահա, այսպէս, սիրելի ընթերցող, իրանական «Նոռուզի» շեմին եւ սկսեալ վաղուընէ մինչեւ 15 օր կը թեւակոխենք հարկադիր՝ ոչ աշխատանքային փուլ:

Ու կը թեւակոխենք ամենեւին այլ եւ եթէ կուզէք՝ չափազանց տարօրինակ պայմաններու մէջ, ինչպէս կ՛ըսեն՝ աշխարհակուլ քորոնա ժահրի համավարակին դէմ-յանդիման…:

Համաշխարհային մաշտաբներով ամէն երեւոյթ ու հասկացութիւն, ահա, ստուերուած է Քորոնայի համախտանիշով… Ամէն, ամէն ինչ՝ քաղաքական, տնտեսական, դիւանագիտական, աշխարհագրական, հասարակական, մարդկային առօրէական կենցաղ ու յարաբերութիւն արգելակուած, սահմանափակուած են ու մէկ խօսքով կերպափոխուած: Խախտուած են մինչ այդ՝ թուարկած բոլոր ոլորտներու մէջ առկայ չափանիշերու ու օրինաչափութիւններու հաշուեկշիռն ու հաւասարակշռութիւնը…:

Ահաւասիկ, արեւմտեան թէ՛ արեւելեան կողմն աշխարհի գերտէրութիւնները եւ, մասնաւորապէս, աշխարհը համաշխարհայնացուցած նոր ազատականութիւնը՝ ԱՄՆ-ն, Եւրոմիութիւնը, ՆԱԹՕ-ն ու ասոնց շրջանային արբանեակները այլեւս ի զօրու չեն իրենց «օրինաչափ» խաղերը տալու՝ գէթ ժամանակաւորապէս աւելի գերհզօր, աւելի առաջադէմ, աւելի խաղաղասէր ու յատկապէս աւելի ժողովրդավար երեւնալու համար… ընդամէնը մէկ ինչ-որ քորոնայի պատճառով ու ինչպէս ընդունուած է ըսել՝ չարիքէն՝ բարիքին հասնելու օրինաչափութեան բերումով:

Ու բոլորը այժմ կը համախմբուին ՄԱԿ-ի եւ անոր հովանիին ներքոյ աշխատող՝ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան (ԱՀԿ) շուրջ, դիմագրաւել-յաղթահարելու,-եթէ ըլլայ այսպէս բնութագրել,-«կենսաբանական ՏԱՀԷՇ»-ը…:

* * *

Սիրելի ընթերցող, վստահ ենք ու համոզուած, որ մեզի հետ միասին, որպէս բազմահազարամեայ իրանական այս հողի ու յատկապէս իբրեւ ամենահինաւուրց՝ իրանահայ համայնքի ազնիւ անդամ-քաղաքացի, ամենայն զգօնութեամբ ու յանձնառութեամբ ցուցաբերելու ես տոկունութիւն ու համբերատար վերաբերմունք՝ հաւասարապէս թէ՛ անհատական, եւ թէ՛ ընտանեկան ու քաղաքացիական-ընկերական մակարդակներու վրայ, որպէսզի որեւէ կարգի ձախողութիւն եւ Աստւած մի արասցէ՝ կորուստ նւազագոյնի հասնի:

Կը մաղթենք միաժամանակ, որ մեր համայնքի եռեակ թեմերուն մէջ ապրող օրինապաշտ հայորդիները, ինչպէսեւ՝ իրանական մեր երկրի բազմաչարչար, սակայն մշտապէս տոկուն ժողովուրդը եւ հարեւան, բարեկամ ու հայրենական Հայաստանի ժողովուրդը եւ առհասարակ համաշխարհային ընտանիքը ամենադոյզն կորուստներով ու վնասներով յաղթահարեն 3-րդ հազարամեակի ցայժմ ամենաահաւոր սպառնալիքը, ի խնդիր աւելի մարդկային, աւելի միասնական ու աւելի համերաշխ աշխարհի…: