
Հիւանդներու Վիճակը Բաւարար է, Ընդհանուր Մթնոլորտը` Յաղթահարելու եւ Ապաքինուելու Ոգիով Լի
«Նորք» ինֆեկցիոն (վարակաբանական) հիւանդանոցի ֆէյսպուքեան էջը կը տեղեկացնէ, որ Քորոնա ժահրով վարակուած հիւանդներուն վիճակը բաւարար է: Բժշկական անձնակազմը նաեւ շնորհականութիւն կը յայտնէ քաղաքացիներուն իրենց սատարելու ու օգնութեան առաջարկներու համար:
«Հերթական ծանր աշխատանքային օրուան աւարտը Հայաստանի ՄԻԱԿ բժշկական հաստատութեան մէջ`«Նորք» ԻԿՀ, որ կը զբաղի Քորոնա ժահրով վարակուած հիւանդներու բուժումով:
Հիւանդներուն վիճակը բաւարար, ընդհանուր մթնոլորտը` յաղթահարելու եւ ապաքինուելու ոգիով լի: Շնորհակալութիւն ողջ բժշկական անձնակազմին արհեստավարժ եւ սրտացաւ աշխատանքի համար:
Շնորհակալութիւն Ձեզի, յարգելի քաղաքացիներ մեզի սատարելու եւ օգնութեան առաջարկներու համար: Պատրաստ ենք ծառայելու եւ կը ծառայենք Ձեզի համար»: