Աշակերտներուն Համար Հանրային Հեռուստաընկերութեան Եթերով Հեռավար Դասեր Պիտի Կազմակերպուին

Այլեւայլ, Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան պետութիւնը, նկատի ունենալով երկրին մէջ յայտարարուած արտակարգ դրութիւնը, հեռավար կրթութեան ծրագրի ծիրէն ներս, ստեղծած է Հանրային հեռուստաընկերութեան եթերով յատուկ ժամերու աշակերտներուն համար դասերու եւ դասախօսութիւններու իրականացման հնարաւորութիւն: Ucom ընկերութիւնը դասերու իրականացման համար եւս պիտի տրամադրէ առանձին ալիք: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, այսօրուան ասուլիսին ընթացքին յայտնած է ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեան:

«Հանրային հեռուստաընկերութեան հետ միասին համագործակցութեամբ ստեղծած ենք հնարաւորութիւն` դասախօսութիւններու եւ դասերու իրականացում: Հեռուստաընկերութեան եթերով ամէն առաւօտ 08:30-09:30 պիտի ըլլան դասեր, այնուհետեւ անոնք պիտի վերսկսին 11:30-12:40: Բացի այդ, շատ լաւ առաջարկ ստացած ենք մեր գործընկեր Ucom-էն, անոնք առանձին ալիք պիտի տրամադրեն նման դասերու համար: Եւ ամբողջ օրուան ընթացքին մենք պիտի ունենանք նման դասընթացներ»,- ըսած է Յարութիւնեան:

Նախարարը նշած է, որ հիմա արդէն կը պատրաստուին ձայնագրութիւններ, կը հաւաքեն ուսուցիչներ, որոնք դասախօսութիւններ եւ դասեր պիտի կարդան, որոնք պիտի մատուցուին աշակերտներուն: Պիտի գործէ նաեւ առանձին Youtube ալիք, ուր պիտի հաւաքուին բոլոր այդ նիւթերը: Եւ այդ ալիքի այցելութիւններուն համար համացանցը Ucom-ի բաժանորդներուն համար անվճար պիտի ըլլայ:

Նախարարը նկատած է, որ պէտք է այս սահմանափակումները դիտարկեն իբրեւ լրացուցիչ հնարաւորութիւն` նոր կրթական ճարտարագիտութիւններ զարգացնելու համար: Ան յիշեցուցած է, որ հեռավար կրթութեան համակարգի ներդրումը սահմանուած էր 2021-ի Դեկտեմբերին, բայց այս հնարաւորութիւնը պիտի օգտագործեն համազգային ծրագիրը աւելի շուտ իրականացնելու համար:

Յարութիւնեան յիշեցուցած է, որ Կրթական ճարտարագիտութիւններու ազգային կեդրոնի կայքին մէջ ստեղծած են heravar.armedu.am էջը, ուր նման ծրագրեր իրականացնող հարթակներու մասին տեղեկատւութիւն հաւաքուած է: Եւ նախարարութիւնը նոյն կրթական ճարտարագիտութիւնը ազգային կեդրոնի միջոցով պիտի իրականացնէ ծրագրերու մշակման գործընթաց եւ վերապատաստումներու գործընթաց: