
Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Հաստատուած Դէպքերուն Թիւը Հասաւ 84-ի
Հայաստանի մէջ արձանագրուած է «քորոնա» ժահրի 6 նոր դէպք: Այս մասին Facebook-ի իր էջին միջոցով յայտնեց ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:
«Արձանագրուած է «քորոնա» ժահրի 6 նոր դէպք: Ընդհանուր դէպքերուն թիւը 84 է: Դէպքերուն 81 տոկոսը Էջմիածինի եւ արտադրամասի ուղղութիւններն են»,- յայտնեց Վարչապետը:
Վարչապետ Փաշինեանի տեղեկութիւններով՝ այս պահուն մեկուսացուած է 444 անձ, իսկ 799 մարդու կառավարութիւնը յորդորած է ինքնամեկուսացուիլ տուներու մէջ: