ՀՕՄ-ը եւ «Chevy Chase» Կեդրոնը «Քորոնա» Ժահրի Կանխարգիլման Պարագաներով Օժանդակած են ՀՀ-ին եւ Արցախին

Հայաստան, Սփիւռք

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդոնական կոմիտէի նախաձեռնութեամբ Ամերիկայի Հայ Օգնութեան միութիւնը (ՀՕՄ) եւ «Chevy Chase» վիրաբուժական կեդրոնը, «քորոնա» ժահրի տարածման եւ կանխարգիլման անհրաժեշտութենէն մեկնած, օժանդակութիւն ուղարկած են ՀՀ եւ Արցախ։ Այմ մասին կը տեղեկացնէ Yerkir.am-ը:

Անհրաժեշտ պարագաներուն մէջ են դիմակներ, մաքրութեան պարագաներ, բամբակեայ սպունգներ, պախիլներ, թերմոմեթրեր, ձեռնոցներ, ախտորոշիչ սարքեր եւ այլն, որոնք «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին միջոցով պիտի յանձնուին Առողջապահութեան նախարարութեան։ Ամբողջ քանակը Երեւան պիտի հասնի Մարտ 11-ին։

Շուրջ 17 տեսակ պարագաներէն ընդհանուր թիւով 48,118 հատ ստացուած է ՀՀ-ի, իսկ նոյնքան պարագաներէն թիւով 19,986 հատ ստացուած է Արցախի համար։

Կից կը ներկայացուի ստացուելիք իրերուն ցանկը.