ՀՀ ԱԳՆ-ն Կը Յորդորէ ՀՀ Քաղաքացիները. Ժամանակաւորապէս Խուսափիլ Շարք Մը Երկիրներ Այցելութիւններէ

Uncategorized

ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածած է. «Նկատի առնելով «քորոնա» ժահրի վարակի տարածման ներկայ իրավիճակը` կը յորդորենք ՀՀ քաղաքացիները ժամանակաւորապէս խուսափելու Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն, Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութիւն, Քորէայի Հանրապետութիւն, Ճափոն եւ ԵՄ երկիրներ (առաւելապէս` Իտալիա, Գերմանիա, Ֆրանսա եւ Սպանիա) այցելութիւններէն, բացառութեամբ խիստ անհրաժեշտ պարագաներու:
Վերոնշեալ երկիրներու մէջ գտնուելու կամ այցելելու պարագային կը յորդորենք հետեւիլ ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան կամ տուեալ երկրի համապատասխան իշխանութիւններու ցուցմունքներուն եւ խորհուրդներուն, կապ հաստատել տեղւոյն ՀՀ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն հետ: