Քուէյթի Էմիրին Դուստրը Պատմած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը Վերապրած Իր Հայ Տատիկին Մասին

Uncategorized, Աշխարհ, Հայաստան

ՀՀ վարչապետի տիկինը, «Իմ քայլը» եւ  «City of smile/Ժպիտների քաղաք» բարեգործական հիմնադրամներու հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Աննա Յակոբեան Մարտ 2-ին կառավարական առանձնատան մէջ հիւրընկալած է Քուէյթի 14-րդ էմիրի դուստր Շէյխա Հեսսայ Սաատ Ապտուլլահ Սապահին:

Ինչպէս կը տեղեկացնեն  Աննա Յակոբեանի գրասենեակէն, ջերմ մթնոլորտի մէջ Շէյխայ Հեսսայ Սաատ Ապտուլլահ Սապահը պատմած է իր ծաւալած գործունէութեան, մասնաւորապէս, Արաբական երկիրներու լիկայի հովանիին տակ գործող արաբ կին գործարարներու խորհուրդի (Arab Council of Businesswomen) մասին: Աննա Յակոբեան իր հերթին ներկայացուցած է իր ղեկավարած «Իմ քայլը» եւ  «City of smile/Ժպիտների քաղաք» բարեգործական հիմնադրամներու գործունէութեան, ինչպէս նաեւ «Կանայք յանուն խաղաղութեան» արշաւին մասին: Ներկայացնելով արշաւի նպատակը` Յակոբեան շեշտած է, որ խաղաղութիւնը բացարձակ արժէք է, եւ եկած է այն պահը, որ կանայք պէտք է համախմբուին` յանուն խաղաղութեան:

Զրոյցի ընթացքին Շէյխա Սաատ պատմած է Հայաստան իր այցելութիւններուն մասին` շեշտելով, որ իւրաքանչիւր անգամ առանձնայատուկ ջերմութեամբ կ՛այցելէ: Վերջինս պատմած է ազգութեամբ հայ տատիկին` Եղիսաբէթի մասին` նշելով, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակ Զէյթունի մէջ ապրող իր տատիկը բռնած է գաղթի ճամբան եւ հասած է Տէր Զօրի անապատ, ուր հանդիպած է ապագայ ամուսինին` Շէյխայ Հեսսայի պապիկին: Քուէյթի 14-րդ Էմիրի դուստրը պատմած է, որ հայուհի տատիկը իր կեանքին մէջ շատ մեծ դեր խաղցած, եւ անընդհատ մղած  է անոր կրթուելու եւ պայքարելու նպատակներուն հասնելու համար:

Հանդիպման քննարկուած են համագործակցութեան շարք մը ուղղութիւններ, ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններ:

Քուէթի 14-րդ էմիրի դուստր Շէյխա Հեսսա յաջողակ գործարար է: Ան առաջին կինն է, որ Քուէյթի մէջ հիմնադրած է սեփական գործը` այդ կերպով ոգեշնչելով բազմաթիւ արաբ կանանց: Ան կանանց իրաւունքներու աշխոյժ պաշտպան է: