Մշտանորոգ Յանձնառութիւն

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Գանձասար»-ի խմբագրական

24 Փետրուարին Երեւանի մէջ բացումը կատարուեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու խորհրդաժողովին, որուն կը մասնակցէին աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ գործող Հայ Դատի աւելի քան 20 յանձնախումբերէ եւ գրասենեակներէ, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ կուսակցական մարմիններէ շուրջ 50 ներկայացուցիչներ: Խորհրդաժողովը յաջորդ օրը իր աշխատանքը շարունակեց Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ:

Համաժողովին օրակարգը Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու աշխատանքային բոլոր ոլորտները կ’ընդգրկէր՝ Արցախի տագնապէն մինչեւ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչում, հատուցում, Թուրքիա-Ատրպէյճան հակահայ պայքար, Սփիւռքի մէջ հայապահպանում եւ այլն:

Հայ Դատի գրասենեակներն ու յանձնախումբերը, զանազան երկիրներու մէջ, տարիներ շարունակ ծառայած են Հայաստանի ու Արցախի շահերուն, յանուն հայ ժողովուրդի պատմական իրաւունքներու ձեռքբերման տարուող տարաբնոյթ աշխատանքներուն, յատկապէս իրազեկ դարձնելով տարբեր ժողովուրդներ, ատեաններ ու քաղաքական շրջանակներ Հայ Դատի էութեան:

Վայելելով մեր ժողովուրդի լայն շրջանակներուն վստահութիւնն ու աջակցութիւնը, անոնք դիւանագիտական ու քաղաքական աշխատանքի հսկայ փորձառութիւն կուտակած են եւ այդ փորձառութիւնը փոխանցած սերունդէ-սերունդ՝ ամէն ժամանակներու մէջ քաղաքականացած երիտասարդ մարդուժ ունենալու եւ զայն մասնագիտացման ուղղելով ծառայեցնելու Հայ Դատին, Հայաստանին ու Արցախին:

Հայ Դատի 20 յանձնախումբերուն քաղաքական-քարոզչական աշխատանքը համադրուած է մէկ ընդհանուր ռազմավարութեան շրջագիծին մէջ, զոր կը սահմանէ ՀՅԴ ընդհանուր ժողովը: Հայ Դատի յանձնախումբերուն աշխատանքային ծրագիրները մերթ ընդ մերթ քննարկելու, նոր ժամանակներու մարտահրաւէրներուն, քաղաքական զարգացումներուն հետ քայլ պահելու եւ տարբեր շրջաններու աշխատանքային փորձառութիւնը փոխանակելու համար կը գումարուին նման խորհրդաժողովներ, որոնք սերտողութիւններու, քննարկումներու օրակարգերով յագեցած կ’ըլլան ու նոր առաջարկներով կը հարստացնեն Հայ Դատի գրասենեակներուն եւ յանձնախումբերուն աշխատանքը:

Այս խորհրդաժողովները փորձառութիւններու փոխանակման կողքին, Հայ Դատի զինուորագրեալներուն յանձնառութիւնը շեշտադրելու եւ մարտավարութիւնը ուրուագծելու կոչուած հանդիպումներ են, որոնք ներկայ ժամանակներուն համապատասխանող աշխատելաձեւեր կը ճշդեն ու նոր փորձառութեամբ ու գիտելիքներով կ’օժտեն հայրենիքէն ու Սփիւռքի զանազան շրջաններէն միեւնոյն նպատակին համար տագնապող մասնակիցները:

Այս յանձնառութեան կ’ակնարկէր ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ, Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, երբ բացման իր խօսքով կը շեշտէր. «Արցախը սերունդները պիտի ներշնչէ այն հաստատ հաւատքով, որ կամքի առկայութեան պարագային‘ նպատակը տկարութիւն չի ճանչնար»:

Միջազգային, քաղաքական սրընթաց զարգացումներուն լոյսին տակ, Հայ Դատը այսօր աւելի ծանրակշիռ տարողութիւն կը ստանայ աշխարհի մը մէջ, ուր Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը շրջապատող արտաքին ուժերու հաւասարակշռութիւնը յարափոփոխ հեռանկարներ կը պարզէ: