Մահացած է Յուշարձանագէտ Սամուէլ Կարապետեանը

Այլեւայլ, Հայաստան

Մահացած է հայ անուանի յուշարձանագէտ, պատմաբան, բանահաւաք, Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող հիմնադրամի (ՀՃՈւՀ) երեւանեան գրասենեակի նախագահ Սամուէլ Կարապետեանը: Այս մասին կը հաղորդէ «Առաւօտ»-ը։

Սամուէլ Կարապետեան ծնած է 1961 Յուլիս 30-ին։ Արմատներով Արճէշ գաւառի Բերդաղ գիւղէն է։ 1978-ին աւարտած է Երեւանի Միսաք Մանուշեանի անուան թիւ 48 դպրոցը։

1975-էն սկսեալ՝ ճամբորդած է Հայկական ԽՍՀ տարածքով բնութիւնը ուսումնասիրելու նպատակով, իսկ 1978-էն սկսեալ կը լուսանկարէր, կը չափէր եւ կը նկարագրէր հայկական յուշարձանները ամբողջ Պատմական Հայաստանի տարածքով։

Երեք տասնամեակի ընթացքին կը հետազօտէր եւ կը ցուցակագրէր Պատմական Հայաստանի հայ ճարտարապետութեան հազարաւոր նմուշներ։

Կարապետեան յայտնի էր իբրեւ հարեւան պետութիւններու մէջ հայկական յուշարձաններու նկատմամբ վերաբերմունքի քննադատ։ Ան կը կարծէր, որ Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի, Վրաստանի իշխանութիւնները նպատակաուղղուած կերպով կ՝իրականացնեն հայկական յուշարձաններու ոչնչացման քաղաքականութիւն։ Իր փաստերը 2007-ին ներկայացուցած էր ԱՄՆ քոնկրէսին եւ 2008-ին՝ Մարդու իրաւունքներու Եւրոպական դատարանին։