Վարչապետ Փաշինեան. Կառավարութիւնը Իրանի Հետ Հաղորդակցութիւնը 2 Շաբաթով Դադրեցնելու Մասին Որոշում Պիտի Ընդունի

Աշխարհ, Հայաստան

Իրանի հետ հաղորդակցութիւնը 2 շաբաթով պիտի դադրեցուի: Այս մասին յայտնած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

«Հիմնուելով Հայաստանի Հանրապետութեան Պետական սահմանի մասին օրէնքի 16-րդ յօդուածին վրայ, որ կը վերաբերի վարակիչ հիւանդութիւններու տարածման սպառնալիքի պարագային պետական սահմանով հաղորդակցութեան ժամանակաւոր դադրեցման, կառավարութեան արտահերթ հեռակայ որոշում պիտի տայ Իրանի հետ հաղորդակցութիւնը 2 շաբաթով դադրեցնելու մասին:

«Մասնաւորապէս պիտի դադրեցուի Իրան-Հայաստան օդային հաղորդակցութիւնը ու Մեղրիի սահմանային անցակէտով մարդոց մուտքը Հայաստան», գրած է վարչապետը Դիմատետրի իր էջին վրայ:

Ան նաեւ տեղեկացուց, որ այսօր առաւօտեան տեղի պիտի ունենայ «Քորոնա» ժահրին տարածումը կանխարգիլող յանձնաժողովի նիստը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին հետագայ քայլերը, հաւանական դէպքերը եւ ձեռնարկուելիք միջոցները:

Այս յանձնաժողովը, վարչապետին խօսքով, կը գործէ 31 յունուարէն:

«Ամէն պարագայի հարկ կը նկատեմ ընդգծել, որ խուճապային տրամադրութիւններ տարածելու ոչ մէկ հիմք կայ: Նման գործողութիւններ բոլոր պարագաներու վնասակար են», նշած է վարչապետ Փաշինեան: