Սիմոն Մարտիրոսեան՝ Աշխարհի Երկրորդ Լաւագոյն Ծանրորդ

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի ծանրամարտի հաւաքականի անդամ Սիմոն Մարտիրոսեան երկրորդն է ծանրամարտի միջազգային դաշնութեան «Տարուան լաւագոյն ծանրորդ» մրցոյթին: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը

IWF-ի` միջազգային դաշնութեան քուէարկութեան իբրեւ արդիւնք Մարտիրոսեան հաւաքած է 5514 ձայն: Առաջին տեղը աշխարհի, Եւրոպայի եւ Ողիմպիական խաղերու ախոյեան վրացի ծանրորդ Լաշա Դալախաձէն է` 17,084 ձայնով:

Նշենք, որ 2019-ին Սիմոն Մարտիրոսեան դարձաւ աշխարհի եւ Եւրոպայի Ախոյեան: Նախորդ տարուան վերջը յայտնի դարձաւ, որ Մարտիրոսեանը կ՝արժանանայ Ռիոյի 31-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերու ոսկէ մետալին, քանի որ 2016 խաղերու ախոյեան Ռուսլան Նուրուտտինովի` դեռ  2012 թուականի Լոնտոնի ողիմպիական խաղերու տոփինկ զննումը դրական եղած են: