Անկախ Հայաստանի Առաջին Ողիմպիական Ախոյեան Արմէն Նազարեան Պետական Պարգեւի Արժանացած Է

Այլեւայլ, Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան հրամանագիր ստորագրած է յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի, աշխարհի եւ ողիմպիական խաղերու ախոյեան Արմէն Նազարեանին «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու համար» 1-ին աստիճանի մետալով պարգեւատրելու մասին: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին յայտնեցին ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

«Հիմք ընդունելով վարչապետի միջնորդութիւնը՝ համաձայն Սահմանադրութեան 136-րդ յօդուածին, ինչպէս նաեւ «Հայաստանի Հանրապետութեան պետական պարգեւներու եւ պատուաւոր կոչումներու մասին» օրէնքի 5.3-րդ յօդուածի 1-ին մասին. Մարմնակրթութեան եւ մարզանքի բնագաւառէն ներս ունեցած մեծ վաստակին համար՝ յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի, աշխարհի եւ ողիմպիական խաղերու ախոյեան Արմէն Լիւտվիկի Նազարեանը պարգեւատրել «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու համար» 1-ին աստիճանի մետալով»,- ըսուած է ՀՀ նախագահի հրամանագիրին մէջ:

Նշենք, որ Արմէն Նազարեան 1996-ի Աթլանթային Ողիմպիական խաղերու ախոյեան դարձաւ ներկայացնելով Հայաստանը, այնուհետ` փոխելով քաղաքացիութիւնը՝ 2000-ին ոսկէ մետալ նուաճեց Պուլկարիոյ ընտրանիի կազմէն։ Նազարեանը Պուլկարիոյ հաւաքականի գլխաւոր մարզիչն է 2012 թուականէն մինչ այսօր: