Փետրուարեան Ապստամբութիւն-99

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Փետրուարեան համաժողովրդական ապստամբութիւնը 99 տարեկան է:

Փետրուար 18-ը 20-րդ դարու սկզբնամասի մեր պատմութեան ամենաանկիւնադարձային եւ կարեւոր պատմական իրադարձութիւններէն մէկն է, որ իր անջնջելի հետքը ձգեց Հայաստանի ու հայութեան յետագայ ճակատագրին վրայ:

Փետրուարեան ապաստամբութիւնը հայ ժողովուրդի գերագոյն ճիգն էր՝ վերականգնելու բոլշեւիկներու կողմէ ոտնատակ տրուած իր արժանապատուութիւնը, որուն մարմնաւորումը կը համարուէր արեան եւ անասելի տառապանքներու գնով նուաճուած անկախութիւնը:

Բոլշեւիկեան նորաստեղծ կայսրութեան առաջին ժողովրդական ըմբոստութիւնը Հայաստանը փրկեց քաղաքացիական արիւնահեղ պատերազմի վերահաս աղէտէն, որուն մասին այնքան կ՝երազէին յեղկոմականներու մոլագար ուղեղները:

Փետրուարեան ապստամբութեան շնորհիւ, վերահաս մահէն փրկուեցան հայ ժողովուրդի մտաւորականութեան սերուցքը՝ Դաշնակցութեան ղեկավարութիւնը, ժամանակի քաղաքական-հասարակական ականաւոր գործիչները, որոնք արդէն Հայրենիքէն վտարանդի պայմաններու մէջ յաջողեցան ի մի բերել եւ կազմակերպել ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած հայ ժողովուրդի բեկորները՝ ձեւաւորելով սփիւռքեան հզօր գաղթօճախները:

Աշնանացանի պէս, Փետրուարեան ապստամբութիւնը մայր հողին ի պահ տուաւ ամենավեհ գաղափարի՝ անկախութեան սերմերը, լաւ ժամանակներու մէջ՝ գարնան ծիլ տալու ակնկալիքով:

Ճակարագրի տնօրինմամբ բարեբեր գարունը վրայ հասաւ 1988 թուականի նոյն այդ Փետրուար ամսուն, երբ 67 տարի առաջ հողին՝ մեր պարագային՝ ժողովուրդի յիշողութեան ի պահ տրուած էին  անկախութեան սերմերը:

Փա՛ռք Փետրուար 18-ը կերտող դաշնակցական հերոսներու յիշատակին:

«alikonline.ir»