Տեառնընդառաջի Տօնը Ախալցխայի Մէջ

Սփիւռք

Օրհնութեամբ Սամցխէ-Ջաւախքի եւ Ծալկայի Ընդհանուր Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգեշնորհ Տէր Մաղաքիայ Վարդապետ Ամիրեանի եւ Ախալցխայի ու Բորժոմիի տարածաշրջաններու Հոգեւոր Տեսուչ Հոգեշնորհ Տէր Յակոբ Աբեղայ Սահակեանի՝ Փետրուար 13-ին, Ախալցխայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Երեկոյեան Ժամերգութիւն, Տեառնընդառաջի նախատօնակ եւ նորապսակներու օրհնութեան կարգ։ Այս մասին կը հաղորդէ Akhaltskha.net-ը։

Հոգեւոր Տեսուչ Հոգշ. Տ. Յակոբ Աբղ. Սահակեան եւ Ախալցխայի յարակից շրջաններու հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Թորգոմ Քհն. Վարդանեան շնորհաւորեցին նորապսակները եւ միասին վառեցին տօնական խարոյկը։

Աւարտին եկեղեցւոյ խաչքաւոր Սերգէյ Պետրոսեան նուէրներ բաժնեց նորապսակներուն։