Պետոյի Յիշատակին Նուիրուած Ձեռնարկ՝ Պռոշեանի Ազատամարտի Պանթէոնին Մէջ

Հայաստան

Շուշիի ՀՅԴ առանձնակի հրաձգային գումարտակի փոխհրամանատար Պետրոս Ղեւոնդեան պատերազմի աւարտի նախօրէին` 1994-ի այս օրը` Փետրուար 14-ին, Քարվաճառի մէջ վիրաւոր զինակից ընկերոջ օգնելու ժամանակ հերոսաբար նահատակուեցաւ: Աւանդոյթի համաձայն` այսօր Ազատամարտի պանթէոն` Պետոյի շիրիմ այցելեցին պռոշեանցիները, Պետոյի զինակից ընկերները, ՀՅԴ Հայաստանի կառոյցի շարք մը անդամներ, ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ընկերները` ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեանի գլխաւորութեամբ:

Հերոսի յիշատակի օրուան միջոցառումներու պատասխանատուն, ինչպէս միշտ, ՀՅԴ Պռոշեանի Կոմիտէն էր:

Նոյն կոմիտէութեան անդամ, ՀՅԴ Պռոշեանի «Դրօ Կանայեան» կեդրոնի կազմակերպչական պատասխանատու Վարդան Առուշանեան, Yerkir.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ արժեւորելով Պետոյի եւ միւս հայորդիներու անցած ուղին` փաստեց, որ իրենք ամէն ինչ կ՛ընեն, որ Պետոյի հայրենի գիւղին մէջ մեծնայ հերոսին արժանի սերունդ:

«Յաւերժ փառք տանք Պետոյին եւ մեր բոլոր նահատակ հայորդիներուն: Պետոն այն անհատն էր, որ Արցախեան ազատամարտի առաջին իսկ օրերէն  ամբողջական, անմնացորդ նուիրուեցաւ Արցախեան ազատագրական պայքարին: Եւ հաւատարիմ իր երդումին` կեանքը չխնայեց` մեզ ձգելով պատգամ, որ յաղթանակի միակ գրաւականը ամբողջական, անմնացորդ նուիրումն է», Պետոյի օրուան նուիրուած ձեռնարկին իր խօսքին մէջ նշեց նոյն գումարտակի ազատամարտիկ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ազատամարտիկներու յանձնախումբի պատասխանատու Արտաշէս Մխիթարեան:

Ըստ Մխիթարեանի` Արցախեան ազատամարտը աւարտած չէ, եւ ընդամէնը կնքուած է հրադադարի պայմանագիր:

«Մերթ ընդ մերթ տեղի կ՛ունենան հետախուզական-յաձակողական գործողութիւններ, իսկ այդ ամէնուն գագաթնակէտը 2016-ի Ապրիլեան քառօրեան էր, երբ մեր երիտասարդները, ժամկետային զինծառայողները  ցոյց տուին` աւագ սերունդը իզուր չէ ապրած, որ իրենք, իրենք արժանի  հետեւորդներն են իրենց հայրերուն եւ պապերուն: Այսօր ալ այդ ընթացքը կը շարունակուի»,- նշեց ան՝ աւելցնելով, որ, քանի դեռ հրադադար է` իրենք նոյնպէս պէտք է պահեստազօրայիններով, աշխարհազօրայիններով պատրաստ ըլլան պատերազմի:

Պռոշեան գիւղի` հերոսի անունը կրող  դպրոցին մէջ ինչպէս Պետոյի տարեդարձին, այնպէս ալ յիշատակի օրը տեղի կ՛ունենան ձեռնարկներ, որոնք կը շարունակուին Ազատամարտի պանթէոնին մէջ:

Պետոյին նուիրուած ձեռնարկներ տեղի ունենան նաեւ ՀՅԴ Պռոշեանի «Դրօ Կանայեան» կեդրոնին մէջ: