«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը Ունի 11 155 985 տոլարի Հանգանակութեան Խոստում

Հայաստան

Հեռուստամարաթոնէն երեք ամիս անց նուիրատուութիւններու հոսքը կը շարունակուի, որու արդիւնքով «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը արդէն իսկ ունի 11,155,985 ԱՄՆ տոլարի խոստում:

Այս մասին կը յայտնեն հիմնադրամէն:

«2019-ի Դեկտեմբերի սկիզբը համեմատութեամբ նուիրատւութիւնները աճած են 920,138 տոլարով: Խոստումներուն մեծ մասը արդէն իսկ փոխանցուած է Հիմնադրամին եւ ցանցի տեղական մարմիններու հաշուեհամարներուն:

Այս տարի աննախադէպ թիւով մարդ մասնակցած է համահայկական դրամահաւաքին` միայն Հայաստանէն եւ Արցախէն շուրջ 10,000 անհատ եւ կազմակերպութիւն: Իսկ եթէ հաշուի առնենք, թէ ներգրաւուած կազմակերպութիւնները քանի հոգի կը ներկայացնեն, ապա մասնակցայնութեան թիւը շատ աւելին է: Սփիւռքի մասնակցայնութիւնը մօտաւոր գնահատականներով շուրջ 25,000 է: Ըստ հիմնադրամի նոր ռազմավարութեան` ընդգծուած կարեւորութիւն կը տրուի մասնակցութեան, ուստի այս տարուան արձանագրուած ցուցանիշը առանձնայատուկ ոգեւորիչ է: Շնորհակալ ենք Հիմնադրամի բոլոր նուիրատուներուն: Միասնական ջանքերով է, որ կը կերտենք աւելի ուժեղ Հայրենիք:

Միայն առցանց նուիրատւութիւններով` հիմնադրամի ցանցը արդէն ունի շուրջ 5,000 առցանց նուիրատու (որոնղմէ 1550-ը Լոս Անճելըսի տեղական մարմինի կայքով), որոնք միասին մէկ տարուան մէջ կ՛առաջացնեն 560,000 ԱՄՆ տոլար: Ատկէ 1938-ը միացած են #Մէկբաժակսուրճ-ի գաղափարին, այն է` պարբերական վճարման համակարգին:

#ArmeniaFundChallenge-ին միացած էին շարք մը հանրային գործիչներ Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն: Անոնց մէջ էին ՀՀ վարչապետը, ՀՀ ԱԺ նախագահը, ԱԺ փոխնագահները, Սերժ Թանքեանը, Ալեքսիս Օհանեանը, Էրիկ Էսրաելեանը, Վահէ Պերպերեանը,  Իւետա Մուկուչեանը, Խորէն Լեւոնեանը եւ այլք: հեռուստամարաթոնի կարգախօսն էր` «Ես իմ անուշ Հայաստանի․ կենարար արեւ ու ջուր համայնքներուն», ուստի հաւաքագրուած գումարները հիմնականօրէն պիտի յատկացուին խմելու ջուրի հասանելիութեան եւ արեւային վահանակներու տեղադրման Արցախի եւ Հայաստանի որոշ համայնքներու մէջ»,- ըսուած է հիմնադրամի տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի առաքելութիւնը համահայկական ցանցային համակարգի ձեւաւորումն է, որուն նպատակը Հայաստանի, Արցախի, ինչպէս նաեւ աշխարհասփիւռ հայկական համայնքներու համաչափ, կայուն եւ փոխկապակցուած զարգացման ապահովումն է` հիմնուելով ընդհանուր ինքնութեան վրայ: