
Երեք Մեծութիւններ, Երեք Իրաւ Հայ Մտաւորականներ
Յակոբ Ուռհայեցի
Օրեր առաջ ընկերոջ մը հետ երկարատեւ խօսակցութիւն ունեցայ: Այս խօսակցութեան ընթացքին ի միջի այլոց արծարծուեցաւ մտաւորականութեան, հայ մտաւորականութեան հարցը, թէ իրաւ հայ մտաւորականը ինչպիսի՞ յատկանիշներ պէտք է ունենայ, մտաւորականի եւ ազատութեան կապը ի՞նչ է, պէ՞տք է յօդուած կամ գիրք գրէ որոշակի թելադրանքէ, պէ՞տք է էսթեպլիշմընթի մարդը ըլլայ, կա՞յ տարբերութիւն պարզապէս զանազան գաղափարներու փրոփականտիստի եւ իրաւ մտաւորականի միջեւ, ինչպիսի՞ մօտեցում պէտք է ունենայ իրաւ մտաւորականը հասարակութեան մէջ տիրական մտածելակերպերուն եւ կարծրատիպերուն նկատմամբ, պէ՞տք է համակերպի ազգային, հասարակական թապուներուն, թէ՞ պէտք է քանդէ այդ թապուները: Հարցականները շատ էին, եւ ուղղակի խօսակցութեան ընթացքին դժուար էր ինծի համար իրաւ մտաւորականի, հայ մտաւորականի բնութագիրը տալ: Յաջորդ օրը բաւական մտածեցի արծարծուած հարցերուն մասին, ու յիշողութեամբ տարիներ առաջ գացի, գացի մինչեւ ուսանող ըլլալուս առաջին տարիները, աշխատանքային կեանքիս ալ առաջին տարիները: Եւ հոն տեսայ լուսաւոր դէմքերը, որոնց ձգած մեծ բացէն կը տառապինք այսօր` ազգովին: Եւ ահաւասիկ կարճ մտորումներ այն մասին, թէ ինչո՛ւ այս լուսաւոր դէմքերը կը նկատեմ իրաւ հայ մտաւորականներ:
***
Համազգայինի Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկին մէջ ուսանելուս առաջին տարին էր` 1995-1996: Միացեալ Նահանգներէն Լիբանան եկաւ սփիւռքահայ յայտնի արձակագիր, բանաստեղծ, գրող Վահէ Օշականը: Ես խումբ մը երիտասարդներու հետ ներքաշուած էի նաեւ գրական խմբակի մը մէջ: Ամէնուրեք եռուզեռ կար գաղութին մէջ Օշականի այցելութեան առիթով` ձեռնարկներ, գրական հանդիպումներ, յոբելենական հանդիսութիւն: Ան այցելեց նաեւ Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկ: Կրնամ ըսել` ուսանողներս բաւական խանդավառ եւ ընկերային մթնոլորտի մը մէջ ընդունեցինք յայտնի գրողը: Շատ լաւ կը յիշեմ, որ Օշականը ելոյթ ունեցաւ ուսանողներուն առջեւ, անկէ ետք ալ պատասխանեց մեր հարցումներուն: Յայտնի էր իր յանդուգն արտայայտութիւններով, եւ իր ելոյթին ընթացքին քանի մը անգամ «դպաւ» Գրիգոր Նարեկացիին: Գրաբարի եւ հայոց մատենագրութեան մեր դասախօսը Թամար Տասնապետեանն էր, որ յայտնի է իր հոգեւոր մտածողութեամբ: Ներկայ էր: Ամէն անգամ որ կը լսէր Օշականի` Գրիգոր Նարեկացիին «դպնալները», տեսակ մը ցնցում կ՛ունենար` մտածելով, որ այս մարդը ի՛նչ կը խօսի այսպէս… Ամէն օր Վահէ Օշականի մասին խօսակցութիւն կար: Խանդավառուած ընդհանուր մթնոլորտէն` ես ալ հետաքրքրուեցայ իր գրական գործերով: Իր այցելութեան առիթով իր գործերէն ծաղկաքաղ մըն ալ հրատարակուած էր: Սկսայ անյագօրէն կարդալ` տեսնելու համար, թէ ինչո՞ւ Օշականի շուրջ այս մեծ հիացումը կայ գրասէրներուն մօտ: Արձակ բանաստեղծութենէն բան չհասկցայ, բայց հասայ թատերախաղի մը, որ շատ տպաւորեց զիս: Խորագիրը կարծեմ «Աւարայր» էր: Հերոսները երկու հոգի էին` Եղիշէ պատմիչը, որ կը ներկայանար իբրեւ պատկերասփիւռի լրագրող, եւ Հայաստանի մարզպան Վասակ Սիւնին, որ կը ներկայանար իբրեւ ժամանակակից քաղաքական գործիչ: Դիպաշարը կ՛ընթանայ սթիւտիոյի մը մէջ, ուր լուսարձակները եւ քամերաները ուղղուած են Վասակ Սիւնիին վրայ: Եղիշէ պատմիչը, ժամանակակից լրագրողի մը բոլոր հմտութիւններով, կը հարցուփորձէ Վասակ Սիւնին 1600 տարի առաջ իր որդեգրած քաղաքական կողմնորոշման մասին, կը ներկայացնէ, թէ ներկայիս ժողովուրդը ի՛նչ կեցուածք ունի Սիւնիի նկատմամբ: Վասակ Սիւնին կ՛առարկէ, կ՛ըսէ` իր որդեգրած կեցուածքները բացառապէս թելադրուած եղած են հայութեան ազգային շահերէն, մերթ ընդ մերթ զուգահեռներ կը գծէ 1600 տարի առաջուան եւ անցնող դարու 80-ական եւ 90-ականներու «ազգայնական» մօտեցումներուն միջեւ, կը խօսի նաեւ այդ տարիներուն հայ քաղաքական մտածողութեան մէջ տեղ գտած ռէալ փոլիթիք հասկացողութեան մասին… Մէկ խօսքով, Վահէ Օշականը այս թատերախաղով ամբողջութեամբ կը քանդէ մինչեւ հիմա Վասակ Սիւնիի մասին հայ իրականութեան մէջ տարածուած կարծրատպային մօտեցումը, այդ տիպարը կը ներկայացնէ տարբեր ձեւով, քան ինչ որ է մինչեւ հիմա, կը ներկայացնէ զայն իբրեւ իր ազգի ճակատագրով մտահոգ ղեկավար: Ասիկա աննախընթաց գործ մըն է հայ գրականութեան պատմութեան մէջ:
***
Գրեթէ միեւնոյն ժամանակաշրջանին, Հայագիտականի ուսանողներուս մէջ, գրականութեան դասապահերուն բերմամբ կամ անձնական խանդավառութենէ մեկնելով, հետաքրքրութիւն յառաջացած էր Վահէ Օշականի հօրը` արեւմտահայ մեծանուն գրող, գրաքննադատ Յակոբ Օշականի վերաբերեալ: Այդ հետաքրքրութենէն մեկնելով` շա՜տ, շա՛տ փորձեցի իր գլուխ գործոցը` «Մնացորդաց»-ը կարդալ: Բայց չէ՛, կը խոստովանիմ, Յակոբ Օշական կարդալը, խորանալը այդ անյատակ ծովուն մէջ ամէն մարդու գործը չէ, իւրայատուկ քաջութիւն մը կը պահանջէ… Միայն, ուշադրութիւնս կեդրոնացաւ իր մէկ ուրիշ վիթխարի, կոթողային աշխատութեան վրայ` 10 հատորնոց ամբողջ շարք, «Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան»: Իւրաքանչիւր հատոր` իր հարիւրաւոր էջերով, յատկացուած` ժամանակակից արեւմտահայ գրականութեան մէկ փուլին` Զարթօնքի սերունդի, վիպապաշտներու, իրապաշտներու եւ այլնի ներկայացման եւ խոր վերլուծման ու մեկնաբանման: Բայց զարմանքս ուղղակի մեծ եղաւ, ուղղակի ապշած մնացած էի, երբ Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկի գրադարանին մէջ սերտողութեան պահուն ուղղակի նկատեցի, որ «Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան» վիթխարի հատորներու շարքին վերջինը` «Յակոբ Օշական. վկայութիւն»-ը, հեղինակը նուիրած է իր սեփական գրական ամբողջ գործին ինքնավերլուծումին, ինքնաքննադատութեան: Նորէն, հարիւրաւոր էջերու վրայ երկարող վիթխարի ուսումնասիրութիւն ինքն իր մասին` երրորդ դէմքով գրուած: Ասիկա չտեսնուած, աննախադէպ երեւոյթ է ամբողջ հայ գրականութեան պատմութեան մէջ, թերեւս նաեւ` միջազգային գրականութեան մակարդակով, որ վիթխարի գրական ժառանգութիւն մը ձգելէ ետք գաս, եւ կարծես ուրիշ մէկն ես, եւ ուրիշի աչքերով գրաքննադատութեան ենթարկես քու իսկ ձգած գրական ժառանգութիւնդ: Այսպիսի անձի մը եթէ «իրաւ հայ մտաւորական» բնորոշումը պիտի չտանք, հապա որո՞ւ պիտի տանք…
***
Տարիներ անցան, եւ ես գործի սկսայ «Ազդակ» օրաթերթին մէջ: Պայմաններու բերումով սենեկակիցը դարձայ Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարանին մէջ Յակոբ Օշականի աշակերտը եղած` գրող ու գրաքննադատ Պօղոս Սնապեանին: Վերջինս, 40 տարի «Բագին» գրականութեան եւ արուեստի հանդէսի խմբագիրի աշխատանքէն դադրելէ ետք ստանձնած էր «Ազդակ-գրական» յաւելուածի խմբագրութեան նոյնքան պատասխանատու աշխատանքը: Սնապեանը, որ կարճ ժամանակ մը Հայագիտական հիմնարկին մէջ նոյնպէս իմ դասախօսս եղած էր, «Բագին»-ի խմբագիրի իր աշխատանքէն դադրելէ ետք նախաձեռնած էր նաեւ առանձին հատորներով իր գրական ստեղծագործութիւններու հրատարակութեան: Օր մը ինծի մօտեցաւ եւ նուիրեց իր նոր հրատարակուած մէկ գիրքը: Խորագիրը` «Պատիժներ»: Ինչո՞ւ «Պատիժներ»: Տարիներ շարունակ հաւաքած էր իր ընդդիմախօսներուն կողմէ իրեն դէմ գրուած յօդուածները եւ կազմած էր այս «պատիժներ»-ու այս «ծաղկաքաղ»-ը: Ուղղակի փշաքաղուած էի, մարդը չէր վարանած նոյնիսկ իրեն դէմ ուղղուած ամէնէն սուր քննադատական, վիրաւորական յօդուածները անգամ հրատարակելու: Այո՛, հայ իրաւ մտաւորականն էր Պօղոս Սնապեանը, որ իր մէկ` այս քայլովը, շրջեց սովորականը, քանդեց կարծրատիպը, աւանդականէն վեր ելաւ, երկար ստեղծագործական կեանքէ ետք չվախցաւ նաեւ իր ընդդիմախօսներու իրեն ուղղած «պատիժներ»-էն հատոր մը կազմելու:
***
Եւ որքան կարիքը ունինք ներկայիս այս երեքին նման մեծութիւններու, իրաւ հայ մտաւորականներու…