
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը եւ «Առողջ Հայաստան» Հիմնադրամը Փոխըմբռնման Համաձայնագիր Ստորագրած Են
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը (ՀՀՀ) եւ «Առողջ Հայաստան»-ը ստորագրած են փոխըմբռնման համաձայնագիր, որուն ծիրէն ներս՝ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը պիտի աջակցի Հայաստանի մէջ հիմնադրամի կողմէն մշակուած եւ իրականացուող առողջապահական ծրագրերու իրականացման՝ դրամահաւաք արշաւներ կազմակերպելու ուղղութեամբ:
Այդ նպատակով «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի կայքին մէջ ստեղծուած է յատուկ դրամահաւաք արշաւի բաժին, ուր հաւաքագրուած միջոցները պիտի ուղղուին վերոյիշեալ ծրագիրին։ Մանրամասներուն ծանօթանալու եւ ծրագիրին նպատակային նուիրատւութիւններ կատարելու համար, այցելէ՛ք հետեւեալ յղումով http://bit.ly/2GWgoxn:
«Առողջ Հայաստան»-ը պիտի ապահովէ բժիշկներու եւ բուժակներու երկարատեւ, շարունակական ներկայութիւնը հեռաւոր գիւղերու եւ քաղաքներու մէջ, որ թոյլ պիտի տայ բուժաշխատողներուն կայուն յարաբերութիւններ զարգացնելու տեղական համայնքներու հետ, ստեղծելու բարձրորակ առողջապահութեան կայուն տարբերակ Հայաստանի ողջ տարածքին: Այս ծրագիրին միջոցով մեր հայրենակիցները հնարաւորութիւն պիտի ունենան ներգրաւուելու Հայաստանի մէջ գիւղական բժշկութեան զարգացման գործընթացին, իսկ Հայաստանի հեռաւոր տարածքները պիտի ծառայեն իբրեւ պարարտ հող նորարար գաղափարներու համար, որոնք պիտի բարեփոխեն եւ պիտի բարելաւեն Հայաստանի ողջ առողջապահական համակարգը (ներառեալ՝ ամրապնդելով եւ ընդլայնելով բուժակներու մասնագիտական գործունէութեան շրջանակները)։ Առողջապահութեան նախարարութեան հետ համագործակցութեան ծիրէն ներս ծրագիրը պիտի ընդլայնուի՝ ընդգրկելով Հայաստանի բոլոր տարածաշրջանները, ուր առկայ է հիմնական բուժօգնութեան ծառայութեան մատուցման պակաս:
Յիշեցնենք, որ տարիներ շարունակ ՀՀՀ-ն իրականացուցած է առողջապահական բազմաթիւ ծրագիրներ։ Այսօր Հայաստանի եւ Արցախի մէջ կայ հիմնադրամի կողմէն կառուցուած կամ վերանորոգուած 75 բուժհաստատութիւն: 2015-էն ի վեր, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ԱՄՆ արեւմտեան շրջանը կը համագործակցի «Կլենտէյլ ատուենդիսդ» բժշկական կեդրոնի բուժաշխատողներու հետ, կը կազմակերպէ անոնց այցը Հայաստան եւ Արցախ ի նպաստ հայրենի բժշկութեան զարգացման։ Այս տարիներուն ընթացքին իրականացած են հազարաւոր խորհրդատւութիւններ եւ վիրահատութիւններ, հիւանդանոցներուն տրամադրուած են բարձրորակ եւ արդի սարքեր եւ դեղորայք։
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի առաքելութիւնը համահայկական ցանցային համակարգի ձեւաւորումն է, որուն նպատակը Հայաստանի, Արցախի, ինչպէս նաեւ աշխարհասփիւռ հայկական համայնքներու համաչափ, կայուն եւ փոխկապակցուած զարգացման ապահովումն է՝ հիմնուելով ընդհանուր ինքնութեան վրայ։